Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուի Մէջ Սպանիոյ Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչուած Է ԱԳՆ

Պաքուի Մէջ Սպանիոյ Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչուած Է ԱԳՆ

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն հրաւիրած են Սպանիոյ գործերի ժամանակաւոր հաւատարմատարը՝ արցախցիներուն օգնութիւն տրամադրելու Մատրիտի որոշման առնչութեամբ։

Ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ սպանացի դիւանագէտ Փաթրիսիա Սերանօ Սանչեսի հետ հանդիպման ընթացքին ատրպէյճանական կողմը կրկնած է՝ «Սպանիոյ քայլը սադրիչ է»։

Նախօրէին Ռուսիոյ մէջ Սպանիոյ դեսպանատունը X-ի (Թուիթըրի) իր էջով տեղեկացուցած է, որ Սպանիայի Միջազգային Զարգացման Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը որոշած է աջակցիլ Արցախէն Հայաստան տեղահանուած հազար մարդու՝ «Մենք՝ յանուն սովի դէմ պայքարի» մարդասիրական շարժումի ծիրին մէջ:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն պատասխան գրառմամբ «անընդունելի» որակած է Սպանիոյ աջակցութիւնը եւ պնդած, որ Ատրպէյճանը «խստօրէն կը դատապարտէ այդ ոչ-կառուցողական մօտեցումը»։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոյնը կրկնած են նաեւ սպանացի դիւանագէտին հետ հանդիպման ընթացքին:

«Այդ ապակառուցողական մօտեցումը չի համապատասխաներ ատրպէյճանա-սպանական յարաբերութիւններու ոգիին եւ ատրպէյճանական կողմը խստօրէն կը դատապարտէ զայն», կ’ըսուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի Մամլոյ Ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment