Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալիեւ Վստահեցուցած Է, Որ «Զանգեզուրի Միջանցք» Պիտի Չըլլայ. Իրանի ԱԳ Նախարար

Ալիեւ Վստահեցուցած Է, Որ «Զանգեզուրի Միջանցք» Պիտի Չըլլայ. Իրանի ԱԳ Նախարար

by MassisPost

«Հիմա կռիւով հարցերը կարգաւորելու ժամանակաշրջանը չէ, եւ պէտք է հասնինք կայուն խաղաղութեան։ Բանակցութիւններուն մէջ երկու կողմերը պէտք է գոհունակութիւն ունենան, եւ կողմերու պետական շահերը պէտք է պահպանուին», Թեհրանի մէջ յայտնած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանը ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամուլի համար կատարուած յայտարարութեան ժամանակ։

Իրանի արտաքին գործերու նախարարին խօսքով՝ Իլհամ Ալիեւը իր հետ հանդիպման ժամանակ վստահեցուցած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք» պիտի չըլլայ։

Իրանի արտաքին գործերու նախարարը նաեւ նշած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար վերջին մէկ տարուան ընթացքին բաւականին քայլեր կատարուած են, սակայն աւելին ընելու ներուժ կայ:

«Մենք լուրջ տրամադրուած ենք մէկ միլիառ տոլարնոց ապրանքաշրջանառութեան հարցին եւ յաջորդ փուլին կը փափաքինք հասնիլ 3 միլիառ տոլարի ապրանքաշրջանառութեան», յաւելած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment