Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Չ’ընդունիր Տարածաշրջանի Երկիրներու Սահմաններուն Փոփոխութիւն. Ռայիսին՝ Միրզոյեանին

Իրան Չ’ընդունիր Տարածաշրջանի Երկիրներու Սահմաններուն Փոփոխութիւն. Ռայիսին՝ Միրզոյեանին

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Թեհրան գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ընդունած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին: Երկու պաշտօնեաները քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր:

Իրանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները կը խթանեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ռայիսին նաեւ շեշտած է, որ Թեհրան կ’աջակցի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չ’ընդունում աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն, տարածաշրջանի երկիրներու սահմաններու փոփոխութիւն եւ կ’աջակցի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», Իրանի նախագահին մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ յայտնած է Իպրահիմ Ռայիսին։

Ռայիսին ընդգծած է նաեւ հայ-իրանեան յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւորութիւնը եւ յաւելած, որ այդ հարցին մէջ Թեհրանը որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ։

«Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, գնահատելով Իրանի դիրքորոշումները կովկասեան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ, յայտնած է, որ Հայաստանը երբեք հարթակ պիտի չդառնայ հակաիրանեան գործողութիւններուն համար եւ մշտապէս շեշտը կը դնէ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ընդլայնման վրայ», կ’ըսուի իրանեան կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment