Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Հրատապ Քայլեր Կ’ակնկալէ Ռուսաստանէն, Հայաստանէն, ՄԱԿ-ի Կառոյցներէն

Արցախի Նախագահը Հրատապ Քայլեր Կ’ակնկալէ Ռուսաստանէն, Հայաստանէն, ՄԱԿ-ի Կառոյցներէն

by MassisPost

Արցախի նախագահը հրատապ արձագանգ կ’ակնկալէ միջազգային հանրութենէն՝ եթէ քայլեր չընեն, Արցախը աղէտի գօտիէն պիտի վերածուի համակեդրոնացման ճամբարի. «Միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական գործողութիւններու ուշացումը օր օրի կը մօտեցնէ անդառնալիութեան կէտը»։

Մէկ շաբաթ առաջ նախագահական նստավայրին դիմաց վրանի մէջ նստացոյց յայտարարած Արայիկ Յարութիւնեանը նախօրէի երեկոյեան առցանց ասուլիս հրաւիրած է սփիւռքի ու միջազգային լրատուամիջոցներուն համար։

Արցախի պաշարման հետեւանքնով բոլոր ոլորտները ծանր ճգնաժամի մէջ են։ Կազ, հոսանք, փոխադրութիւն, սնունդ չկայ, մարդիկ կը մահանան. «Արդէն կ’արձանագրուին շրջափակման ուղղակի ու անուղղակի հետեւանքով մարդկային մահեր՝ նորածին երեխաներէն մինչեւ տարէց քրոնիկ հիւանդներ»:

Սթրասպուրկի ու Լահէյի դատարանները Լաչինի միջանցքը բանաու որոշումներ ունին, բայց Ատրպէյճանը այդ պահանջները ոչ միայն կ’անտեսէ, այլեւ կ’ընդլայնէ ու կը խորացնէ շրջափակումն ու ռազմական սպառնալիքները, կ’արձանագրէ Արցախի նախագահը։ Նպատակը, ըստ անոր, Արցախի մէջ ապրելու անտանելի պայմաններ ստեղծելն է ու «ձերբազատուիլ Արցախի ժողովուրդէն՝ իրականացնելով Արցախի ամբողջական ցեղային զտում եւ ուժի միջոցով փակելով հակամարտութեան էջը»։

Սա, ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, նաեւ ճնշում է Հայաստանի վրայ՝ Ատրպէյճանի ու Նախիջեւանի միջեւ Հայաստանի տարածքով ճանապարհ ձեռք բերելու նպատակով։ Արցախի ընդհանուր շրջափակումը ցեղասպանութիւն է եւ զայն կանխելը միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւնն է։ Արցախի նախագահը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ բանակցութեան միջազգային որեւէ ձեւաչափով. «Բանակցային գործընթացի շրջանակներուն մէջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է երաշխաւորէ, որ ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրառուի»:

Ըստ Յարութիւնեանի, բանակցութիւն սկսելու համար նուազագոյն նախադրեալներ պէտք են, եւ այդ շրջափակման դադրեցումն է, մարդոց տառապանքը թեթեւցնելը. «Արցախը այժմ աշխարհի մէջ միակ տարածքն է, որ կը գտնուի լիակատար մեկուսացման ու պաշարման մէջ՝ առանց որեւէ մարդասիրական օգնութեան ու միջազգային ներկայութեան»:

Նախագահ Յարութիւնեան քայլեր կ’ակնկալէ Ռուսաստանէն, որ վերջինս կատարէ անվտանգութեան երաշխաւորի պարտաւորութիւնները, Հայաստանէն՝ որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու վերաբերեալ յայտարարութիւն չընեն, ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցներէն՝ որ Արցախի ժողովուրդին հրատապ օգնութիւն տրամադրեն։

Արցախի նախագահը անընդունելի կը համարէ, որ ցեղասպանութեան կանխարգելման պարտաւորութիւն ունեցողները միայն կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ նստեցնելու կոչեր ընեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment