Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 30 Խօսնակ` 9 Երկրէ, 2000 Արձանագրուած Այցելու Եւ 120 Ընկերութիւն. Իր Պատմութեան Մէջ Ամենամեծ «Տիճիթեք»-ը

30 Խօսնակ` 9 Երկրէ, 2000 Արձանագրուած Այցելու Եւ 120 Ընկերութիւն. Իր Պատմութեան Մէջ Ամենամեծ «Տիճիթեք»-ը

by MassisPost

Մարտ 10-12-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայացաւ «Տիճիթէք 2022» համաժողովը եւ համանուն ցուցահանդէսը: Ներկայացաւ 30 խօսնակ 9 երկրէ, արձանագրուեցաւ 2000 այցելու, իսկ 17-րդ ամէնամեայ ցուցահանդէսին ներկայացաւ 120 ընկերութիւն:

Մարտ 10-ին` համաժողովի պաշտօնական բացման ընթացքին, արհեստագիտական համայնքը ողջունեցին ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը, ԱՏՁՄ նախագահ Ալեքսանտր Եսայեանը, «Տիճիթեք» համաժողովի նախագահ Ռաֆֆի Գասարջեանը, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Վիքթոր Ռիխթերը:

Համաժողովին ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր Առաջատար Արհեստագիտութիւններու Ձեռնարկութիւններու Միութեան (ԱՏՁՄ) եւ Երեւանի քաղաքապետարանին միջեւ: Երեւան համայնքին մէջ մեծ թափով թուայնացման աշխատանքներ կ’իրականացուին, որոնք քաղաքացիներուն կեանքը թեթեւցնելու, համայնքին հետ շփումը աւելի մատչելի դարձնելու հնարաւորութիւն պիտի տան:

Ստորագրուեցաւ նաեւ գործակցութեան յուշագիր ՀՀ տնտեսութեան, ԿԳՄՄ, ԲԱԱ նախարարութիւններու եւ SADA ընկերութեան միջեւ: Յուշագրով պետական մարմինները եւ Google Cloud-ի գործընկեր SADA-ն կը համատեղեն ջանքերը` Հայաստանի մէջ կրթութեան հաւասար հնարաւորութիւններու, կրթական համակարգի թուայնացման զարգացման համար` Google Workspace for Education Fundamentals ծառայութիւններու եւ գործիքակազմի ներդրման ուղղութեամբ: Փաստաթուղթը ստորագրած են մէկ կողմէ նախարարներ Վահան Քերոբեանը, Ռոպերթ Խաչատրեանը, փոխնախարար Արայիկ Խզմալեանը, միւս կողմէ` SADA ընկերութեան նախագահ, գործադիր տնօրէն Թոնի Սաֆոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment