Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Յստակ Ուղերձ Կ’ուղարկեմ Ատրպէյճանի Նախագահ Ալիեւին Եւ Կ’ըսեմ` Վերացուր Շրջափակումը Այսօր, Անյապաղ». ՆԱԹՕ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղար

«Յստակ Ուղերձ Կ’ուղարկեմ Ատրպէյճանի Նախագահ Ալիեւին Եւ Կ’ըսեմ` Վերացուր Շրջափակումը Այսօր, Անյապաղ». ՆԱԹՕ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղար

by MassisPost

«Հայաստան վերջին անգամ այցելած եմ 2012 թուականին` որպէս ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար, այդ ժամանակէն ի վեր շատ բան տեղի ունեցած է: Ես հանդիպած եմ վարչապետին, արտաքին գործերու նախարարին, պաշտպանութեան նախարարին, եւ ես գոհունակութիւնս պէտք է յայտնեմ, թէ ինչ ջանքեր իրենք ներդրած են, որպէսզի Հայաստանի մէջ ամրապնդեն ժողովրդավարութիւնը: Ես այստեղ եմ ՀՀ կառավարութեան հրաւէրով, որպէսզի օգնեմ կառավարութեան ամրապնդել կապերը Արեւմուտքի հետ, ԵՄ-ի հետ առհասարակ», այս մասին Ջերմուկի մէջ ճեպազրոյցին ժամանակ ըսած է երկօրեայ այցով Հայաստան գտնուող ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը:

Ան տեղեկացուց, որ հանդիպումներ ունեցած է Երեւանի մէջ, այնուհետեւ այցելած է Հայաստանի հարաւային մարզերը, որպէսզի իր աչքով տեսնէ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքները Հայաստանի վրայ: Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն նաեւ նշեց, որ հիմա այցելած է հրաշալի Ջերմուկ քաղաք, եւ քաղաքապետը իրեն ըսած է, թէ ինչ ազդեցութիւն ունեցած են ատրպէյճանական յարձակումները քաղաքին վրայ, զբօսաշրջութեան վրայ:

«Աւելի շուտ այցելած էի նաեւ Լաչինի միջանցք: Անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն Հայաստանի եւ ԼՂ-ի միջեւ ճանապարհը շրջափակման մէջ է: Այս շրջափակումը ոչ մարդկային է, ոչ ալ օրինական: Ես հանդիպեցայ մարդոց հետ, որոնք ապրած են ԼՂ-ի մէջ, եւ անոնք ինծի պատմեցին այն ճակատագրական իրավիճակին մասին, որ կը տիրէ ԼՂ-ի մէջ: Շրջափակում կը նշանակէ, որ պարէն եւ դեղորայք միայն շատ փոքր քանակով կարելի է հասցնել ԼՂ, եւ անոր պակասը կայ ԼՂ-ի մէջ: Մենք կը բախինք մարդասիրական ճգնաժամի հետ, որ կրնայ վերածուիլ մարդասիրական աղէտի: Այս շրջափակումը անօրինական է: Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը քանի մը շաբաթ առաջ որոշում կայացուցած է, որով կը պարտադրէ Ատրպէյճանին ապահովել անխոչընդոտ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով եւ հասանելիութիւնը ԼՂ: Ուստի ես այսօր յստակ ուղերձ կ’ուղարկեմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին եւ կ’ըսեմ` վերացացուր շրջափակումը այսօր, անյապաղ», ըսաւ Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment