Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՆԳՆ-ն Կը Հերքէ Ատրպէյճանի Կեղծիքը, Թէ Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Ծառայողներուն Ուղեկցութեամբ Հայաստանէն Արցախ Զինուորներ Ու Զէնք Տեղափոխուած Է

Արցախի ՆԳՆ-ն Կը Հերքէ Ատրպէյճանի Կեղծիքը, Թէ Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Ծառայողներուն Ուղեկցութեամբ Հայաստանէն Արցախ Զինուորներ Ու Զէնք Տեղափոխուած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Մարտ 13-ին, հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած են այն մասին, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ծառայողներուն ուղեկցութեամբ Հայաստանէն Արցախ զինուորներ ու զէնք տեղափոխուած է` կից հրապարակելով ինքնաշարժներու փոքր շարասիւնի տեսանիւթ մը:

Իրականութեան մէջ, ատրպէյճանական կողմին հրապարակած տեսանիւթին մէջ ոչ թէ ռազմական, այլեւ Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան պատկանող ինքնաշարժներ են: Փրկարար ծառայողները շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ մնացած ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող խաղաղ բնակիչները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Շուշին շրջանցող լեռնային ճանապարհով ուղեկցած են դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հաշուի առնելով այդ ճանապարհին լեռնային ու խիստ դժուարանցանելի բնոյթը` Արցախի փրկարարները ստիպուած էին Ուազ ինքնաշարժներով կազմակերպել քաղաքացիներուն փոխադրումը:

Իսկ ռուս խաղաղապահները կատարած են իրենց գործառոյթները` ապահովելու համար քաղաքացիական անձերուն անվտանգութիւնը, առաւել եւս` Մարտ 5-ի յարձակումէն յետոյ յառաջացած յաւելեալ վտանգներու պայմաններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment