Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Պատուիրած Է Հնդկական «Marg 155/39» Ինքնագնաց Հաուպիցներ

Հայաստանը Պատուիրած Է Հնդկական «Marg 155/39» Ինքնագնաց Հաուպիցներ

by MassisPost

Հայաստանը Kalyani Strategic Systems Limited (KSSL) ընկերութեան կողմէ մշակուած 155 մմ/39 ինքնագնաց MArG հաուպիցներու փորձարկումներ կատարած է` նախքան սպառազինութիւնը պատուիրելը: Այս մասին յայտնած է «İIndianndian Defence Research Wing»-ը:

«Kalyani Strategic Systems Limited ընկերութեան պաշտօնատար անձեր յայտարարած են, որ «Marg 155/39» ինքնագնաց հաուպիցը մշակուած է 8 ամսուան մէջ եւ փորձարկուած է հնդկական բանակին կողմէ Պալասորի եւ Փոքրանի մէջ, նախքան այն առաջարկուած էր Հայաստանին, որ սպառազինութեան համակարգ կը փնտռէր բարձրլեռնային շրջաններուն մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու համար, ուր Ատրպէյճանի հետ հակամարտութիւնը կը շարունակուի», կը գրէ «IDRW»-ն:

Ինքնագնացի վրայ տեղադրուած «MArG 155/39» հաուպիցը մօտ 40 օրուան ընթացքին կրկին փորձարկուած է Հայաստանի պաշտօնեաներուն ներկայութեամբ, եւ գործարքը կնքուած է պաշտպանական ոլորտի ցուցահանդէսին մէջ այն բանէն յետոյ, երբ այն համապատասխանած է հայկական բանակին կողմէ սահմանուած հրաձգութեան բոլոր չափանիշերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment