Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրենք Փալոնը Ներկայացուցիչներու Պալատին Կոչ Ըրած Է 100 Միլիոն Տոլար Յատկացնելու Հայաստանին Եւ 50 Միլիոն Տոլար` Արցախին

Ֆրենք Փալոնը Ներկայացուցիչներու Պալատին Կոչ Ըրած Է 100 Միլիոն Տոլար Յատկացնելու Հայաստանին Եւ 50 Միլիոն Տոլար` Արցախին

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը Ներկայացուցիչներու Պալատի իր գործընկերներուն կոչ ըրած է 100 միլիոն տոլար յատկացնելու Հայաստանին եւ 50 միլիոն տոլար` Արցախին: Ֆրենք Փալոնը նամակով դիմած է Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին Գործողութիւններու Յատկացումներու Ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիօ Տիաս-Պալարթին եւ բարձրաստիճան անդամ Պարպարա Լիին, որուն մէջ կոչ ըրած է նաեւ 2 միլիոն տոլար յատկացնելու ականազերծման աշխատանքներու համար եւ  ապահովելու «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի» 907-րդ յօդուածին կատարումը, որով կը սահմանափակուի ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանի կառավարութեան տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ազատ արձակէ հայ ռազմագերիները, որոնք պէտք է ազատ արձակուէին 2020 թուականի Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան համաձայն:

Փալոնը իր նամակին մէջ նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անմարդկային եւ անօրինական շրջափակման վրայ, որ կը շարունակուի արդէն երեք ամիսէ:  Նամակին մէջ ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը կը գտնուի մարդասիրական ճգնաժամի եզրին, որ կը սպառնայ երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Լաչինի միջանցքը արգելափակելու եւ բժշկական, սնունդի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութեան շարունակական սահմանափակումը յառաջացուցած են  «անյաղթահարելի կարիքներ», ուստի այսօրուան դրութեամբ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ տրամադրուող օգնութիւնը լիովին անբաւարար է:

Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան նպատակով նամակին մէջ նաեւ կոչ կը կատարուի Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու իր ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան գործին մէջ` ատրպէյճանական ընդլայնման եւ մենատիրութեան դէմ պայքարին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment