Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պէտք Է Ներառէ Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը. Լուիս Պոնօ

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պէտք Է Ներառէ Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը. Լուիս Պոնօ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիր ունենալու համար այն պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ, ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս (Լու) Պոնօն` անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլա՞յ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէկ մասը:

«Կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիր ունենալու համար այն պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը, եւ մենք յանձնառու ենք այդաւարտին հասցնելու: Մենք կը գիտակցինք անոր կարեւորութիւնը: Նախեւառաջ, Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլայ խաղաղ գործընթացին մէկ մասը: Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ այդ ճանչցած են: Բայց, ինչպէս ես արդէն ըսած եմ, մենք այստեղ չենք որեւէ համաձայնագրի կամ պայմանաւորուածութեան շուրջ պայմաններ պարտադրելու համար: Կարեւոր է, որ կողմերը իրենք համաձայնութեան գան: Իսկ մենք կ’աշխատինք երկու կողմերուն հետ: Նախագահ Ալիեւը Միւնիխի մէջ ըսած է, որ ինչ-որ մէկը պիտի նշանակէ, որ պիտի գործակցի Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ: Կը կարծեմ, թէ այդ արդէն տեղի ունեցած է անցած շաբաթ: Եւ ինծի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ պատրաստ է շարունակելու այդ քննարկումները: Այնպէս որ, մենք լաւատես ենք, որ կրնանք կողմերուն հետ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Բայց այդ հեշտ պիտի չըլլայ: Այն բոլոր կողմերէն պիտի պահանջէ շատ ծանր աշխատանք եւ յանձնառութիւն», ըսած է Պոնօն:

Հարցին` թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները պատրա՞ստ է Պաքուի եւ Ստեփանակերտի երկխօսութեան միջնորդութիւնը ստանձնելու, Պոնօն պատասխանած է․ «Այս գործընթացին մէջ մեր դերը միջնորդութիւնը չէ: Մենք այստեղ չենք բնագիր պարտադրելու, կողմերէն որեւէ մէկուն վիզին պայմաններ փաթթելու համար: Այն, ինչ մենք կը փորձենք ընել, խաղաղութիւնը հեշտացնելն է: Նկատի ունիմ, որ մենք կ’ուզենք, որ կողմերը իրենք մշակեն բնագիրն ու պայմանները եւ միասին ընդունին զանոնք: Անոնք պէտք է անոր վրայ միասին աշխատին, որովհետեւ որեւէ երկարատեւ, կայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութիւն պէտք է կողմերէն գայ: Այն չի կրնար գալ երրորդ` դուրսի կողմէ»:

Ինչ կը վերաբերի հարցին, որ Պաքուն կը մերժէ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ արդեօք հնարաւո՞ր են պատժամիջոցներ, Պոնօն նշած է «հիմա պատժամիջոցներու ժամանակը չէ: Ես այստեղ եմ երկու կողմերուն հետ աշխատելու, անոնց խաղաղութեան տանելու համար: Պատժամիջոցները հակառակ արդիւնքը պիտի տան: Սա ոչ իսկ կը քննարկուի այս պահուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment