Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սկսեցէք Քաղաքացիական Պատերազմ Եւ Սպաննեցէք Իրար․ Մենք Կը Տեսնենք Մեր Աշխատանքին Արդիւնքը»․ Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներուն Արձագանգը` Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցող Հակապետական Հաւաքներուն

«Սկսեցէք Քաղաքացիական Պատերազմ Եւ Սպաննեցէք Իրար․ Մենք Կը Տեսնենք Մեր Աշխատանքին Արդիւնքը»․ Ատրպէյճանական Լրատուամիջոցներուն Արձագանգը` Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցող Հակապետական Հաւաքներուն

by MassisPost

Ատրպէյճանական շարք մը թելեկրամեան ալիքներ աշխուժօրէն կը լուսաբանէին «Տոկ» ծածկանունով Վարդան Ղուկասեանի հակապետական ձեռնավարութեան հետեւանքով ՀՀ Ազգային Ժողովի եւ կառավարութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցող յարձակողական հաւաքները, որոնց կազմակերպիչները ի սկզբանէ աղաւաղած եւ նենգափոխած էին ՀՀ վարչապետին խօսքը` փորձելով պատերազմի մէջ գտնուող երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ հրահրել եւ այդ ալիքի վրայ վրէժի հասնիլ:

Երեւանի մէջ նախօրէին տեղի ունեցածը այնպիսի ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ, որ տասնեակ-հազարաւոր հետեւորդներ ունեցող ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքները եւ լրատուամիջոցները չեն ալ թաքցներ հրճուանքը Երեւանի փողոցներուն մէջ կատարուածին առթիւ եւ կը գրեն, որ այդ միայն կը բխի Ատրբեջպէյճանի շահերէն, եւ իրենց քարոզչամեքենային արդիւնքն է` Հայաստանի 5-րդ շարասեան ղեկավարմամբ:

Այդ ալիքներէն քանի մը հատը հետեւեալ բովանդակութեամբ գրութիւն տարածած էին: «Ամբողջ երկու տարիէ մեր հարթակները կ’աշխատէին պառակտել հայ հասարակութիւնը: Մենք ամէն օր կը մշակէինք անոնց վրայ հոգեբանական ազդեցութիւն գործադրելու  մեխանիզմներ: Եւ հիմա մենք կը տեսնենք մեր աշխատանքին արդիւնքը: Քաոս ու խուճապ հայ հասարակութեան մէջ», գրած է ատրպէյճանական «Patriot» թելեկրամեան ալիքը:

Իսկ մէկ այլ ալիք տարածած էր ահաբեկչութեան մասին կեղծ հաղորդում տալու մէջ մեղադրուող Միկա Բատալեանի` փողոց դուրս գալու կոչը եւ կից գրած․ «Այո-այո, դուրս եկէք փողոց, մնացածը մենք կ’ըսենք, ինչ եւ ինչպէս ընել»․ կամ, օրինակ․ «Սկսեցէք քաղաքացիական պատերազմ եւ սպաննեցէք իրար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment