Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նենսի Փելոսին Հաստատած Է՝ Շաբաթ Օր Պիտի Այցելէ Հայաստան

Նենսի Փելոսին Հաստատած Է՝ Շաբաթ Օր Պիտի Այցելէ Հայաստան

by MassisPost

ԱՄՆ ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նենսի Փելոսին յայտնած է, որ Շաբաթ օր պիտի այցելէ Հայաստան:

Լրագրողներուն հետ ան այսօր խօսած է Պերլինի մէջ եւ նշած, որ մտադիր է Հայաստան մեկնելու պատուիրակութեան հետ, որու կազմին մէջ է նաեւ Գալիֆորնիա նահանգէն հայկական արմատներ ունեցող գոնկրէսական Ճեքի Սփիրը:

«Ասոշիեյթըտ Փրես»ի փոխանցմամբ` Փելոսին մերժած է ճամբորդութեան մասին այլ մանրամասնութիւններ յայտնել, նշելով, որ Գոնկրէսի ճամբորդող անդամները «չեն սիրեր թիրախ ըլլալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment