Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չենք Պատրաստուիր ՀՀ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Սակարկման Առարկայ Դարձնելու

Չենք Պատրաստուիր ՀՀ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Սակարկման Առարկայ Դարձնելու

Փաշինեան Կը Վստահեցնէ` Որեւէ Թուղթ Չէ Ստորագրած

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ որեւէ փաստաթուղթ ինք չէ ստորագրած, որեւէ փաստաթուղթի նախագիծ նոյնիսկ չկայ, այսպիսով ՀՀ զինուորներուն կը հրամայէ կանգնիլ երկրի սահմաններուն, տարածքային ամբողջականութեան, պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, չտրուիլ ձեռնավարութիւններու: Փաշինեան այս մասին ըսաւ Ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ հեռարձակմամբ:

«Քիչ առաջ իմացայ` մարդիկ լուրեր են տարածում, թէ ես որեւէ փաստաթուղթ եմ ստորագրել: Դա իրականութեան հետ ոչ մի կապ չունի: Ես պաշտօնապէս ասում եմ, որ որեւէ թուղթ ստորագրուած չէ, աւելին` որեւէ թուղթ չի նախապատրաստւում ստորագրման, որեւէ թղթի մասին խօսակցութիւն չկայ: Եւ սա արւում է յատուկ, որպէսզի սահմանին կանգնած մեր զինուորի դիմադրութիւնը թուլացնեն», ըսաւ Փաշինեան` յաւելելով, որ որեւէ փաստաթուղթ չի պատրաստուիր ստորագրելու:

Ան յաւելեց, որ ինչ ինք Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանին ըսած է, նախապէս իր ըսած հրապարակային դիրքորոշումներէն չի տարբերիր որեւէ բանով: Վարչապետը յիշեցուց, որ Ատրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագրին համար առաջարկած է կէտեր, հայկական կողմը ըսած է, որ այդ կէտերուն մէջ անընդունելի ոչինչ կայ, սակայն  այդ օրակարգի ոչ-բոլոր հարցերը կը ներառէ, լրացուցած է այդ օրակարգը, որ կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքները, անվտանգութեան երաշխիքները եւ անկէ բխող այլ պայմանները, որոնք կ’երաշխաւորեն ԼՂ հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքներու իրացումը:

Իսկ թէ ինչու ինք Աժ-ի մէջ խօսած է Հայաստանի 29 հազար 800 քմ տարածքին մասին, ՀԽՍՀ-ի մասին, ան պարզաբանեց, որովհետեւ այսօր ոտնձգութեան կ’ենթարկուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

«Մենք ասել ենք, որ Հայաստանի տարածքով միջանցք որեւէ մէկին չենք տալու: Մենք թուղթ չենք ստորագրելու, որը ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ ձեւով կը դնի կասկածի տակ: Բացառւում է նման բան», վստահեցուց վարչապետը:

ՆաԱն եւս մէկ անգամ վստահեցուց, որ որեւէ թուղթ չէ ստորագրած:

«Ոչ մի թուղթ չեմ ստորագրել: Նման բան նախատեսուած չի եղել, թղթի նախագիծ չկայ այսօր իմ սեղանին դրած, որը պիտի կամ ստորագրուի, կամ չստորագրուի: Յառաջիկայ օրերի համար էլ նման բան նախատեսուած չէ: Այս պահին ընդհանրապէս որեւէ բան` բնագիր, թուղթ չկայ, որ ստորագրեմ կամ չստորագրեմ: Ինձ ասում են` զինուորներն են սահմանից զանգում, ասում` ճի՞շդ է, որ թուղթ է ստորագրուել, այսինքն մեր սահմանն էլ չենք պահո՞ւմ», ըսաւ Փաշինեան:

Ան կոչ ըրաւ համախմբուելու պետականութեան շուրջ` պաշտպանելու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Մեր հայրենիքը` ՀՀ-ն, աւելին է, քան սրբութիւնը, դա սակարկման ենթակայ չէ: Այսօր ես սա եմ ասել ԱԺ ամպիոնից: Մենք, կը լինի միջանցքով, թէ այլ բանով, չենք պատրաստւում մեր ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը սակարկման առարկայ դարձնել, չենք պատրաստւում: Ես յայտարարել եմ, որ միւս կողմից մենք չենք խուսափի պատասխանատուութիւնից, եթէ տեսնենք, որ թէկուզ ոչ-երազանքային, բայց այնուամենայնիւ կայ մի լուծում, որը չի հատում Հայաստանի շահերի կարմիր գծերը, մենք նաեւ դրա պատասխանատուութիւնն ենք պատրաստ ստանձնել եւ գնալ այդ լուծումներին», ըսաւ ան:

Ան ՀՀ զինուորներուն հրամայեց կանգնիլ երկրի սահմաններուն, տարածքային ամբողջականութեան, պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, չտրուիլ ձեռնավարութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment