Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Անհեթեթ Սուտ Են Լուրերը, Թէ Ատրպէյճանը Կը Փոխհատուցէ Տարհանուող Բնակչութեան»․ Գալստեան

«Անհեթեթ Սուտ Են Լուրերը, Թէ Ատրպէյճանը Կը Փոխհատուցէ Տարհանուող Բնակչութեան»․ Գալստեան

by MassisPost

Արցախի տարածքային կառավարման նախարար Հայկ Խանումեանի` Աղաւնօ, Բերձոր, Ներքին Սուս բնակավայրերու բնակչութեան ուղղուած յորդորէն յետոյ, որ իրենց տուները չայրեն, քանի որ հնարաւոր է, որ օր մը վերադառնան, ընդդիմադիր շրջանակները որոշեցին առիթը օգտագործել եւ տեղեկութիւններ տարածել «հերթական դաւադրութեան մասին», թէ ուրեմն «Լաչինի միջանցքի բնակչութիւնը տարհանելու փոխհատուցումը տրամադրած է Ատրպէյճանը»:

Civic.am-ը կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման նախարարի խորհրդական Անկէլ Գալստեանի հետ, որ ըսաւ, թէ չի գիտեր, թէ ովքեր եւ ինչ նպատակով այդպիսի տեղեկութիւններ կը տարածեն, սակայն անոնք անհեթեթ սուտ են եւ աղերս չունին իրականութեան հետ: «Բերձոր, Աղաւնօ, Ներքին Սուս բնակավայրերի տարհանուող մօտ 100 ընտանիքի փոխհատուցման ողջ ծախսերը հոգում են Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւնները», ընդգծեց նախարարին խորհրդականը:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ի՞նչ նկատի ունեցած է Արցախի հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը` բնակիչներուն ըսելով, որ օր մը հնարաւոր է վերադառնաք, պէտք չէ տուները այրել, խորհրդականը յիշեցուց Հայկ Խանումեանի պարզաբանումը, որ ինք դէմ է տուները վառելուն, քանի որ, օրինակ, Շահումեանի շրջանի Չարեքտարը վառած են, եւ այսօր 100 միլիոնաւոր դրամներ կը ծախսեն այդ գիւղը վերականգնելու համար:

«Ընդամրնը մէկուկէս տարի է անցել, ինչ Աղանուս համայնքի տարածքը յանձնուեց, բայց այսօր այդ համայնքի տարածքը վերադառնում է միջանցք. դուրս է գալու Ատրպէյճանի վերահսկողութիւնից, բայց այնտեղ ամէն ինչ թալանուած ու այրուած է` սկսած առաջին պատերազմի տարիներից մինչեւ 2020 թուական: Մեղուաձոր, Յունանաւան, Մելիքաշէն, Մարաթուկ բնակավայրերի մասին է խօսքը: Եթէ բնակարանային ֆոնտը պահպանուած լինէր, ապա այդ միջանցքն այսօր հանգիստ կարող էինք բնակեցնել: Ներկայում այնտեղ միայն վառուած պատեր են ու աւերակներ», ըսած էր Խանումեան` նշելով, որ Աղաւնօն շատ մօտ կը գտնուի Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղիով նախատեսուած միջանցքին եւ յայտնի չէ, թէ մէկուկէս, երկու տարի յետոյ ինչպէս կը փոխուի իրավիճակը․ «Չէի ցանկանայ, որ ամէն ինչ մեր օգտին ընթանալու դէպքում Աղաւնօ վերադառնալուց յետոյ, նոյն կերպ այրուած ու սեւացած պատեր տեսնէինք: Հետեւաբար, կտրուկ դէմ եմ որեւէ բան այրելուն, թալանելուն, քանդելուն»:

Նախարարին խորհրդականը չփափաքեցաւ մեկնաբանել, թէ արդեօ՞ք այդպիսի յայտարարութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը թիրախաւորելու, վարկաբեկելու յատուկ քաղաքական նպատակ կը հետապնդեն: Ան շեշտեց, որ Աղաւնօ, Բերձոր, Ներքին Սուս բնակավայրերի բնաչութեան փոխհատուցման գումարը կը տրամադրեն միայն Արցախի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները, բնակիչներուն կ’օգնէ նաեւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment