Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աղուան Յովսէփեանը 100 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Պիտի Արձակուի

Աղուան Յովսէփեանը 100 Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Պիտի Արձակուի

by MassisPost

Նախկին գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը 100 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի, որոշումը կայացուց դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը:

Արդէն մօտ մէկ տարիէ կալանաւորուած Յովսէփեանի փաստաբանները կը պնդէին, որ շարք մը հիւանդութիւններ, այդ շարքին` ծանր շաքարախտ ունեցող պաշտպանեալը անյապաղ պէտք է ազատ արձակուի` անոր հիւանդութիւնը անհամատեղելի է կալանաւորման հետ:

69-ամեայ Աղուան Յովսէփեանը կը մեղադրուի առեւտրային գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու, առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու, դրամի լուացման համար:

Յովսէփեանը 2004-2013 թուականներուն ղեկավարած է Գլխաւոր Դատախազութիւնը, յետոյ ալ մինչեւ 2018-ի յեղափոխութիւնը` չորս տարի Քննչական Կոմիտէի նախագահն էր: 2018-ին` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին յաջորդ օրը, Յովսէփեան ըսած էր, որ պիտի աշխատի նոր իշխանութեան հետ, բայց երկու ամիս անց ան հրաժարական ներկայացուց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment