Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոքոբէլեանի Հայրը Առեւանգող ՀՅԴ-ական Նախկին Պատգամաւորը 3 Միլիոն Տոլար Պահանջած Է

Քոքոբէլեանի Հայրը Առեւանգող ՀՅԴ-ական Նախկին Պատգամաւորը 3 Միլիոն Տոլար Պահանջած Է

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոբէլեանը ֆէյսպուքեան իր էջով տեղեկացուցած էր, որ իր հօր առեւանգման փաստով ձերբակալուած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանը եւ եւս երկու յանցակից. «Նոյն գործով կայ եւս երկու ձերբակալուած արտերկրում: Նշեմ նաեւ, որ տուեալ անձանց ո՛չ ես, ո՛չ էլ իմ ընտանիքի անդամները չենք ճանաչել եւ որեցէ առնչութիւն երբեւէ չենք ունեցել», մասնաւորապէս գրած էր Քոքոբրլեանը:

«Առաջին Լրատուական»-ին միջադէպին հետ կապուած ուշագրաւ մանրամասնութիւններ յայտնի դարձան: Ըստ այդ տեղեկութիւններուն` դաշնակցական Սուրէն Մանուկեանը Գրիշա Քոքոբէլեանէն պիթքոյնով 3 միլիոն տոլար պահանջած է: Մեզի հասած մէկ այլ տեղեկութեան համաձայն` ձերբակալուածներուն մէջ կայ նախկին ԱԱԾ-ական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment