Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանին Տեղաչափերու Ճշգրտման Աշխատանքներու Ծիրին Մէջ Տեղադրուած Է Առաջին Սահմանային Սիւնը

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Սահմանին Տեղաչափերու Ճշգրտման Աշխատանքներու Ծիրին Մէջ Տեղադրուած Է Առաջին Սահմանային Սիւնը

by MassisPost

2024 թուականի Ապրիլ 23-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին չափումներու հիման վրայ, տեղաչափերու ճշգրտման աշխատանքներու ծիրին մէջ տեղադրուած է առաջին սահմանային սիւնը։

Երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերու աշխատանքները կը շարունակուին։

Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 8-րդ հանդիպման արդիւնքներով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերը սկսած են տեղաչափերու ճշդման գործընթացը՝ հիմնուելով տեղանքին մէջ չափումներու վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment