Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութիւնը Կը Շարունակէ Փողոցային Պայքարը

Ընդդիմութիւնը Կը Շարունակէ Փողոցային Պայքարը

by MassisPost

Ընդդիմութիւնը արդէն 13-րդ օրն է` փողոցին մէջ կը պայքարի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելու համար: Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ շարունակուած են անհնազանդութեան գործողութիւնները: Երիտասարդ ցուցարարները շրջած են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններով` ուսանողութեան կոչ ընելով միանալու իրենց պայքարին: «Ուսանո՛ղ, ոտքի՛», «պայքա՛ր, պայքա՛ր», «տէր ենք մեր հայրենիքին», կը բացագանչէին անոնք:

Ցուցարարներուն մէկ մասն ալ փակած էր Աբովեան փողոցի մէկ հատուածը` Բժշկական համալսարանին հարեւանութեամբ, անոնցմէ 6-ը բերման ենթարկուած է: Ճանապարհը բացուած է:

Նոյն ընթացքին մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներէն ինքնաշարժի երթերով իրազեկման շարժումներ իրականացուած են:

Արդէն երկրորդ շաբաթն է անընդմէջ վարչապետին հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը դեռ չի բանար փակագիծերը` իշխանափոխութեան հասնելու պարագային ո՞վ պիտի ըլլայ իրենց վարչապետի թեկնածուն, ի՞նչ յստակ ծրագրեր ունին: Միայն մէկ բան յստակ է` կը խոստանան ժամանակաւոր կառավարութիւն ձեւաւորել, որ պիտի ղեկավարէ 1-1,5 տարի, անոր մէջ կը նախատեսեն փորձառու մասնագէտներ ընդգրկել, առանց անուններ նշելու: Անցումային կառավարութենէն յետոյ նոր, ըստ ընդդիմութեան, իրենք խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կայացնեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment