Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Նախագահութիւնը «Մինսքի Խմբակը Կը Դիտարկէ Որպէս Պատշաճ Մարմին»` Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Համար

ԵԱՀԿ Նախագահութիւնը «Մինսքի Խմբակը Կը Դիտարկէ Որպէս Պատշաճ Մարմին»` Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Համար

by MassisPost

«Մենք Մինսքի Խմբակը կը դիտարկենք որպէս պատշաճ մարմին եւ կը տեսնենք անհրաժեշտութիւն ախշուժացնելու ջանքերը` կայուն խաղաղութեան հաստատման, տարածաշրջանի բարգաւաճ զարգացման համար», այսպէս արձագանգած են ԵԱՀԿ նախագահութենէն:

Տարիներ շարունակ ղարաբաղեան հակամարտութեամբ զբաղող կառոյցէն հետաքրքրուած էին, թէ երբ Ատրպէյճանը տէ ֆաքթօ չի ճանչնար եռանախագահութեան մանտաթը, իսկ միջնորդներուն միջեւ վիթխարի հակասութիւններ կան, կը տեսնե՞ն արդեօք Մինսքի Խմբակի հետագայ գործունէութեան հեռանկար:

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին պատճառով Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հակասութիւններու լոյսին տակ Մինսքի Խմբակի համանախագահները առանձին-առանձին կ’այցելեն Հայաստան:

ԵԱՀԿ-էն, սակայն, չեն մեկնաբանած ռուս-ուքրանական պատերազմի ընթացքին կատարուած Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարին յայտարարութիւնը, թէ ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան հրաժարած են Ռուսիոյ հետ աշխատելէ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակին մէջ:

«ԵԱՀԿ նախագահութիւնը մտադիր չէ մեկնաբանելու Մինսքի Խմբակի առնչութեամբ Ֆրանսային կամ ԱՄՆ-ին վերաբերող յայտարարութիւնները», ըսուած է պատասխանին մէջ:

ԵԱՀԿ-էն նաեւ չեն յստակացուցած, թէ ինչ պատասխան տուած են Երեւանի դիմումին: Մօտ երկու ամիս առաջ Երեւանը դիմած էր ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար:

«Համանախագահող երկիրները, ինչպէս եւ Եւրոմիութիւնը, վերջին շաբաթներուն աշխուժօրէն կը համագործակցին Պաքուի եւ Երեւանի հետ: Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը` որպէս ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներ, կը գիտակցին, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերելու թէ՛ իր մանտաթի շրջանակներուն մէջ, թէ՛ այլ ծիրի մէջ իր փորձի հիման վրայ», նշած են ԵԱՀԿ նախագահութենէն:

Իկոր Խովաեւը Ապրիլի կէսին նշանակուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու բարելաւման հարցով Ռուսիոյ յատուկ ներկայացուցիչ: Ինչպէս ԵԱՀԿ նախագահութենէն նշած են` Ռուսիան նոր համանախագահի առաջադրման մասին չէ տեղեկացուցած. «Ուստի մեր ըմբռնումն այն է, որ դեսպան Խովաեւը կը շարունակէ մնալ Մինսքի Խմբակի ռուս համանախագահը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment