Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Յաջող Քայլերը

Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Յաջող Քայլերը

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը‘ ամրապնդելու  երկկողմ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի Ուաշինկթըն կատարած վերջին այցելութիւնը եւ ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումները՝ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ու այն ջերմ ընդունելութիւնը, որուն արժանացաւ Հայ դիւանագէտը յատկապէս Պետական Քարտուղար Թոնի Պլինքընի կողմէ, եկաւ հաստատելու որ, Կովկասը ու յատկապէս Հայաստանը կը գտնուի Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան հետաքրքրութիւններուն ուշադրութեան ներքեւ:

Վերջին ամիսներուն Պլինքըն հեռաձայնային խօսակցութիւններ կ՛ունենար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ, որոնք աննախընթաց  էին ե՛ւ իրենց յաճախականութեամբ ե՛ւ անոնց բովանդակութեամբ: Այս զրոյցներու ընթացքին քննարկուած հարցերը պարզաբանելով, Ապրիլի վերջերուն Պետական Քարտուղարը Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովներու լսումներուն ընթացքին ըսած էր, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմը բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կանխելու պատերազմական գործողութիւնները: «Ես բազմիցս խօսած եմ Հայաստանի Վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ  Ալիեւի հետ, որպէսզի առաջին հերթին վստահ ըլլամ, որ ոչ ոք կը ձեռնարկէ որեւէ քայլի, որ կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան վերսկսման», Գոնկրէսի  առջեւ ըսած էր Պլինքըն: «Մենք դէմ ենք որեւէ  միակողմանի գործողութիւններու, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմ,  որոնք կը սրեն իրավիճակը», ընդգծած էր Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը: Կողմերէն մէկուն նման հասցէագրուած խօսք ուղղելը ու նաեւ զայն հանրայնացնելը, բաւականին յառաջընթաց քայլ է միջազգային յարաբերութիւններու պարագային: Պաքուի մօտ վստահաբար վրդովում յառաջացուցած է  Պլինքըն այս խօսքերը, սակայն պատգամը վստահաբար տեղ հասած է ու Ալիեւ կամայ թէ ակամայ ստիպուած է հաշուի նստելու այդ զգուշացումներուն հետ:

Այս բոլորը կու գան վկայելու որ, Միացեալ Նահանգները հետամուտ է լայն դուռով վերադառնալ Հարաւային Կովկաս եւ պատրաստ չէ այդ կարեւոր տարածաշրջանը զիջելու Ռուսաստանին ու Թուրքիային:

Այս զարգացումները անվարան պէտք  է նկատել  յաջողութիւն Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան, որ կը կարողանայ  բազմաբեւեռ յարաբերութիւններ մշակել շահաքրքիր բոլոր միջազգային կառոյցներուն հետ, որոնք այս օրերուն անուղղակի պատերազմի մէջ են իրար դէմ: Խօսքը կը վերաբերի Ուքրանական թատերաբեմին վրայ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն՝ մէկ կողմէ Ռուսաստանի եւ միւս կողմէ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի միջեւ: Հակառակ միջազգային այս իրավիճակին, Հայաստան կը կարողանայ շատ սահուն կերպով նաւարկել՝ բոլորին հետ վարելով բացառապէս իր երկրի ու ժողովուրդի շահերէն բխող արտաքին քաղաքականութիւն:

Շատ մը Հայ վերլուծաբաններ կարծիք կը յայտնէին որ, ուքրանական պատերազմին պատճառաւ Հայաստան պիտի մատնուի  նեղ կացութեան ու ստիպուած է կողմնորոշուելու եւ ենթարկուելու Մոսկուայի պահանջներուն: Սակայն, Վարչապետ Փաշինեանի վերջին այցելութիւնը Մոսկուա ու հոն ստորագրուած դաշնակցային յարաբերութիւններու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները չխանգարեցին, որպէսզի նախարար Միրզոյեան այցելէ Ամերիկայի մայրաքաղաքը ու հոն եւս շեշտուին երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնները: Նոյնը նաեւ կը վերաբերի Եւրոպական Խորհուրդի ներգրաւուածութեան եւ Պրիւքսէլի մէջ վերջերս Շարլ Միշելի հրաւէրով կայացած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը յաջողին նման քայլերով ընթանալ, որովհետեւ կը վայելեն ժողովուրդի մեծամասնութեան աջակցութիւնը, որ ցայտուն կերպով ի յայտ կու գայ այս օրերուն: Այս իրողութիւնը նկատի առնելով, բոլոր ազդեցիկ մայրաքաղաքները պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն՝ օժանդակելու տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման: Կը մնայ որ Երեւան իր միջազգային կապերը օգտագործելով կարողանայ երաշխաւորել Արցախի ապահովութիւնը ու անոր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment