Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի ՊՆ-ը Մարտակերտ Բռնուած Սեփական Զինուորը, Որպէս Հոգեկան Հիւանդ Ներկայացուցած Է

Ատրպէյճանի ՊՆ-ը Մարտակերտ Բռնուած Սեփական Զինուորը, Որպէս Հոգեկան Հիւանդ Ներկայացուցած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի ՊՆ-ը յայտարարութիւն տարածած է, ուր ներկայացուցած է սեփական զինծառայողը, որպէս հոգեկան խնդիրներ ունեցող։ Այս մասին յայտնած է Փաստինֆոն։

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 25-ին ատրպէյճանցի զինծառայող մը մտած է Արցախի Մարտակերտ քաղաքի բնակարաններէն մէկը, ուր գտնուած է երկու անչափահաս երեխայ։

«ԱՀ ոստիկանութեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից ստացուած օփերաթիւ տեղեկութիւնների հիման վրայ եւ մեր քաղաքացիների աչալրջութեան շնորհիւ, սոյն թուականի Օգոստոսի 25-ին ԱՀ Մարտակերտ քաղաքի Տէրեան փողոցի մի բնակարանում յայտնաբերուել է Ատրպէյճանի զինուած ուժերի զինծառայող Ճամիլ Պապաեւը։

Նոյն օրը վերջինս բերման է ենթարկուել ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: Յարուցուել է քրէական գործ առերեւոյթ ԱՀ պետական սահմանն ապօրինի հատելու, յիշեալ բնակարանի անչափահաս բնակիչներին սպանութեան սպառնալիք տալու եւ լրտեսութեան յատկանիշներով նախատեսուած յանցաւոր դէպքերի կապակցութեամբ։ Ճ․Պապաեւը ձերբակալուած է»,- այսօր յայտարարած է ԱՀ դատախազութիւնը։

Ատրպէյճանի ՊՆ-ը այսօր հաստատած է, որ ատրպէյճանցի զինծառայող Ճամիլ Պապաեւը հատած եւ անցած է Արցախի սահմանը, այժմ կը գտնուի հայկական կողմը։ Վերջիններս նշած են, թէ, իբր, զինծառայող Պապաեւ ինքնակամ լքած է Գանձակի հիւանդանոցի հոգեբուժական բաժանմունքը ու քալելով հասած Մարտակերտ։ Այդպիսով՝ փաստացիօրէն ատրպէյճանցիները փորձած են ներկայացնել, թէ իրենց բանակին մէջ հոգեկան հիւանդներ կը ծառայեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment