Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յաղթանակի Օրը ԼՂ-ի Մէջ Զօրահանդէս Կայացնելու Ռուս Խաղաղապահներու Ծրագիրը Ատրպէյճանի Մէջ Դժգոհութիւններ Առաջացուցած Է

Յաղթանակի Օրը ԼՂ-ի Մէջ Զօրահանդէս Կայացնելու Ռուս Խաղաղապահներու Ծրագիրը Ատրպէյճանի Մէջ Դժգոհութիւններ Առաջացուցած Է

by MassisPost

Մայիս 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական շքերթ կայացնելու ռուս խաղաղապահներու ծրագիրները Ատրպէյճանի մէջ դժգոհութիւններ առաջացուցած են․ ընդդիմադիր եւ փորձագիտական շրջանակները իշխանութիւններէն արձագանգ կը պահանջեն, պաշտօնական Պաքուն կը լռէ։

Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ սկսած են Հայրենական մեծ պատերազմի Յաղթանակի օրուան նուիրուած շքերթի նախապատրաստման աշխատանքները։ Աղբիւրի համաձայն՝ հանդիսաւոր երթին պիտի մասնակցին հարիւրաւոր զինուորականներ, անոնց կարգին՝ Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին խաղաղապահ զօրախումբի անձնակազմը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հիմքը։

«Ռուսաստանեան խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղ տեղակայուած են խաղաղութիւն ապահովելու, այլ ոչ թէ շքերթներ կայացնելու համար», – «Թուրան» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միլլի Մեճլիսի պատգամաւոր՝ Սապիր Ռուսամխանլին՝ ռուսական կողմին յիշեցնելով, որ «ցանկացած անտեղի քայլ Ատրպէյճանի մէջ անվստահութիւն եւ ջղաձգում կ’առաջացնէ»։ «Այդ գործողութիւնները անընդունելի են», – աւելցուցած է ատրպէյճանցի պատգամաւորը։

44-օրեայ պատերազմը կանգնեցնելու հարցով Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ Մոսկուան շուրջ 2000 հոգինոց զօրախումբ տեղակայած է Լեռնային Ղարաբաղ՝ նախնական 5 տարի ժամկէտով։ Ռուսաստանցի քանի մը տասնեակ զինուորականներ նաեւ թուրք գործընկերներու հետ համատեղ դիտորդական առաքելութիւն կ’իրագործեն Աղդամ։

Չնայած ամենաբարձր մակարդակով ձեռք բերուած այդ պայմանաւորուածութիւններուն՝ ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Շահին Ջաֆարլին կը պնդէ, որ ռուս խաղաղապահներու կարգավիճակը Ատրպէյճանի մէջ միանշանակ չէ։ «Հարցը այն է, թէ որքանով եռակողմ յայտարարութիւնը իրաւաբանական ուժ ունի, որքանով այն կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան։ Վիճելի է», – նշած է քաղաքագէտը։

Անոր կարծիքով՝ ռուսական զօրքը փաստացիօրէն Ատրպէյճանի տարածքն է՝ «այսինքն բանակի ներխուժում օտար պետութիւն»։

Ընդդիմադիր «Մուսաուաթ» կուսակցութիւնը յատուկ տարածած յայտարարութեամբ՝ գնահատած է ռուսական զօրքի ռազմական շքերթը որպէս Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ոտնահարման աքթ։ «Պաշտօնական Պաքուն պէտք է քայլեր ձեռնարկէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ապահովման ուղղութեամբ», – ըսուած է ատրպէյճանական ընդդիմադիր կուսակցութեան յայտարարութեամբ։

Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Թոֆիկ Զուլֆուկարով առաջարկած է Մայիս 9-ին ծրագրուած ռազմական այդ շքերթին ռուսական խաղաղապահներու հետ հանդիսաւոր երթին մասնակից դարձնել նաեւ ատրպէյճանական հրետանիի զօրախումբը եւ թրքական յատուկ ջոկատայինները։ «Նաեւ կ’առաջարկեմ Յաղթանակի օրուան նուիրուած հրավառութիւն Շուշիի մէջ», – Դիմատետրով գրած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը։

Մայիս 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւս տօն է․ այդ օրը անցեալ տասնամեակներուն մեծ շուքով նշուած են Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստեղծման տարեդարձները: Հանդիսաւոր միջոցառումներու մեծ մասը կը կայանար Շուշի քաղաքի մէջ։

Պաշտօնական Ստեփանակերտը առայժմ չէ յստակացուցած, թէ 44-օրեայ պատերազմին կրած պարտութենէն եւ Շուշիի կորուստէն յետոյ ինչպես պիտի նշէ Արցախի տօնացոյցի կարեւորագոյն տօներէն մէկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment