Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Սիւնիքի Մէջ Խորհրդակցութիւն Կայացուցած Է Եւ Խօսած Պատերազմի Հետեւանքով Մարզէն Ներս Ստեղծուած Իրավիճակի Մասին

Վարչապետը Սիւնիքի Մէջ Խորհրդակցութիւն Կայացուցած Է Եւ Խօսած Պատերազմի Հետեւանքով Մարզէն Ներս Ստեղծուած Իրավիճակի Մասին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 21-ին  Սիւնիքի մարզպետարանին մէջ  կայացուցած է խորհրդակցութիւն։

Դիմատետրի իր էջով Փաշինեան գրած է, որ անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, կառավարութեան ձեռնարկած միջոցառումներուն, սահմանային անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Ագարակի եւ Մեղրիի մէջ տեղի ունեցածին։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Սիւնիք այցելութեան ուղեկցեցան բողոքի հաւաքներ։ Իրավիճակը պարբերաբար լարուած էր․ մեղրեցիները փորձած էին խոչընդոտել անոր տեղաշարժը՝ պահանջելով հեռանալ։

Կառավարութիւնը չէ հրապարակած այցելութեան օրակարգը։

pashinyan-sunik-2

Փաշինեան երէկուընէ Սիւնիք է, այցելած է պատերազմէն յետոյ սահմանային ճշտումներով սահմանամերձ դարձած Շուռնուխ։ Եւ այդ ճշտումներու պատճառով Սիւնիքի մէջ դժգոհութիւն կայ իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Շարք մը համայնքապետեր պահանջած էին Փաշինեանի հրաժարականը։

Նշենք, որ վարչապետի այցելութեան  մասին նախօրօք չէր յայտարարուած։ Երէկ ուշ երեկոյեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան դիմատետրի գրառումով միայն տեղեկացուցած, որ վարչապետի հետ հիւրընկալուած են Շուռնուխի քանի մը տուներու կողմէ եւ եղած գիւղամէջ։

Ագարակի եւ Մեղրիի մէջ տեղի ունեցածը «յայտնի շրջանակների կողմից կազմակերպուած գործողութիւններ են», դիմատետրի իր էջով գրած է վարչապետի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան։

«Կանգառ Կապանում, որտեղ կապանցիները ջերմօրէն ողջունում են վարչապետին։ Իսկ Ագարակում եւ Մեղրիում տեղի ունեցածը յայտնի շրջանակների կողմից կազմակերպուած գործողութիւններ են եւ որեւէ կապ չունեն բուն ագարակցիների ու մեղրեցիների հետ», գրած է Գէորգեան եւ կից տեսանիւթ հրապարակած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment