Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնական Երեւանը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Նախագահի Սպառնալիքները

Պաշտօնական Երեւանը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Նախագահի Սպառնալիքները

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի նախագահի նկրտումները եւ ուժ կիրառելու սպառնալիքները:

Իլհամ Ալիեւ ատրպէյճանական հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին կրկին խօսած էր, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի մասին եւ յայտարարած, թէ ատրպէյճանական կողմը իրականութիւն պիտի դարձնէ Զանգեզուրի միջանցքը՝ Հայաստանը ուզէ, թէ ոչ։ «101 տարի անց ատրպէյճանական ժողովուրդը կը վերադառնայ գրաւուած Զանգեզուր», – յայտարարած էր Ալիեւ։

«Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծումը ամբողջովին կը համապատասխանէ մեր ազգային, պատմական եւ ապագայի շահերուն։ Մենք իրականութիւն կը դարձնենք Զանգեզուրի միջանցքը, ցանկանայ Հայաստանը, թէ ոչ։ Եթէ ցանկանայ, ապա աւելի լաւ, եթէ չցանկանայ՝ ուժով կը լուծենք այդ հարցը։ Այնպէս, ինչպէս պատերազմի ընթացքին եւ անկէ առաջ ըսի, որ անոնք պէտք է իրենց բարի կամքով դուրս շպրտուին մեր հողերէն, կամ մենք մեր ուժով կը վռնտենք։ Այդպէս ալ եղաւ։ Այդպիսին կ’ըլլայ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի ճակատագիրը», – նշած է Իլհամ Ալիեւ։

Ատրպէյճանի նախագահի սպառնալիքներուն արձագանգած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղարը: Աննա Նաղտալեան յայտարարած է, որ Հայաստան կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար:

«Նման յայտարարութիւնները լրջօրէն վնասում են տարածաշրջանային խաղաղութեանը եւ կայունութեանը: Դրանք բացայայտում են խաղաղութեան եւ հաշտութեան վերաբերեալ վերջին ժամանակներում Ատրպէյճանի յայտարարութիւնների սին եւ կեղծ բնոյթը: Յատկանշական է, որ նման սպառնալիքներ արւում են Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ եւ նպատակ ունեն ուժի դիրքերից խօսելու հայ ժողովրդի հետ: Մենք մշտական կապի մէջ ենք մեր ռազմավարական դաշնակցի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասում խաղաղութեամբ շահագրգռուած բոլոր գործընկերների հետ», – ընդգծած է Նաղտալեան:

Ալիեւի երէկուայ՝ Ապրիլ 20-ի սպառնալիքներէն յետոյ արդէն այսօր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Լէյլա Ապտուլաեւան հերքած է, թէ Ատրպէյճանի նախագահը սպառնացած է հայկական կողմը, աւելին՝ յայտարարած է, թէ անոնք չեն հանդիսանար սպառնալիք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, այլ Հայաստանի կողմէն ցանկացած սպառնալիքի արձագանգելու վճռականութեան ցուցիչ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment