Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ոչ Եւս է Անուանի Գեղանկարիչ Ժոզէֆ Ժիրագօ

Ոչ Եւս է Անուանի Գեղանկարիչ Ժոզէֆ Ժիրագօ

by MassisPost

jiracoԴեկտեմբերի 24ին, 2016 Գալիֆորնիոյ Գանոկա Բարք քաղաքին մէջ, իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ երէց սերունդի անուանի գեղանկարիչներէն Ժոզէֆ Ժիրագօ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցաւ Յունուար 7ին, 201, Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ: Արարողութեանց նախագահեց Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վր. Եարտըմեան, որ միաժամանակ իր խոհերն ու մխիթարական խօսքերը փոխանցեց սգակիրներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ Կլենտէյլի Ֆէնիշիա ճաշարանին մէջ: Այստեղ «Մասիս» շաբաթերթին եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ ապա  The Armenian Observer շաբաթաթերթին կողմէ իրենց սրտի խօսքերով յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Գաբրիէլ Մոլոյեան եւ Օշին Քէշիշեան: Անոնք բարձր գնահատեցին Ժոզէֆ Ժիրագոյի ստեղծագործական արժանիքներն ու նշանակալից ներդրումը սփիւռքահայ մշակութիային անդաստանէն ներս, իր որույն տեղը գրաւելով արտասահմանի ժամանակակից հայ նկարիչներու փաղանգին մէջ, որպէս իր ինքնուրոյն ոճն ունեցող արուեստագէտ:

Ժոզէֆ Ժիրագոյի մահով սփիւռքահայ նկարիչներու աւագ սերունդը կը կորսնցնէ իր տաղանդաշատ անդամներէն մին:

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:

Կենսագրական Ժոզէֆ Ժիրագոյի
Ծնած է Հոկտեմբեր 4,  1930ին Պէյրութ: Իր ծնողները եղած են Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ այնթապցի Արթին եւ Մարի Ժիրագօ: Անոնք բախտաւորուած են վեց մանչերով:

1960 թուականին Ժոզէֆ Փարիզ մեկնած է, շարունակելու համար իր ուսումը գեղարուեստի մէջ: Ան Փարիզի մէջ աւարտած է Ֆրանսայի «Լէգօլ Տէ Պօզար» դպրոցը:

Լիբանան վերադառնալէն վեց տարի ետք 20 Նոյեմբեր 1966ին, Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ Շնորհիկ Պապուչաքեանի հետ: Կարճ ժամանակ մը Փարիզ բնակելէ ետք 1967 Օգոստոսին կը վերառանան Պէյրութ:

1967ին կը ծնի իրենց միակ զաւակը Արթուրը: Ընտանիքը վերջնականօրէն կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1976ին, միանալու համար նախապէս Լոս Անճելոս հաստատուած Ժիրագոյի երկու եղբայրներուն:

Լոս Անճելոսի մէջ Ժիրագօ կ’աշխատի որպէս ժամագործ, միեւնոյն ժամանակ կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշախտանքները նկարչութեան բնագաւառին մէջ:

Ժիրագօ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Պէյրութի, Փարիզի, Լոս Անճելոսի, Միլանոյի եւ Երեւանի պատկերասրահներուն մէջ, արժանանալով տեղական մամուլի եւ արուեստագէտներու բարձր գնահատականներուն: Իր գործերը կը գտնուին նաեւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:

Ժոզէֆ Ժիրագոն, սփիւռքահայ նկարչութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ունի, որպէս «ապսթրաք» խորհանշական ոճով ստեղծագործող գեղանկարիչ: Յատկապէս ուշագրաւ են ընդծովեայ բուսական արշխարհը խորհրդանշող իր ջրաներկերը: Իր երանգապնակի գոյները զուսպ են ու խորհրդաւոր, որոնք կ’արտացոլացնեն նաեւ իր ներաշխարհն ու նկարագրի առանձնայատկութիւնները: Բնաւորութեամբ եղած է բարի եւ աւանդապահ:

Իր մահով ընտանիքը կը կորսնցնէ սիրելի հարազատ մը, իսկ հայ նկարչութիւնը տաղանդաւոր եւ վաստկաշատ արուեստագէտ մը:

Բարի երթ յաւերժի ճամբորդ սիրելի Ժոզէֆ Ժիրագոյին:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment