Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Հրանդ Տինքի Սպանութիւնը Կապուած է Յեղաշրջումին հետ

Հրանդ Տինքի Սպանութիւնը Կապուած է Յեղաշրջումին հետ

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը տեղ գտած է յեղաշրջման փորձի գործով մեղադրական զեկոյցին մէջ:

Անցեալ Յուլիս 15-ին  Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի  ձախող  փորձի հետ կապուած առաջին մեղադրական եզրակացութիւնը ընդունուած է գլխաւոր դատախազութեան կողմէ:

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ որ, յեղաշրջման փորձի գործով առաջին մեղադրական զեկոյցին մէջ,  որպէս մեղադրեալ ընդգրկուած են 62 զինուորականներ, որոնցմէ 28-ը կը գտնուին կալանքի տակ:

Մեղադրական  զեկոյցին մէջ, յիշեալ զինուորականներուն վերագրուած են «Մեծ կաշառք» գործողութեան կազմակերպումը, դէպի Սուրիա յատուկ ծառայութիւններու կողմէ զէնք տեղափոխող բեռնատարներու կանգնեցումն ու կալանումը, պաշտօնատար անձանց ու գործարարներու անօրինական գաղտնալսումներն ու Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment