Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Միջեւ Միացեալ Զօրախումբի Մասին Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Միջեւ Միացեալ Զօրախումբի Մասին Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրուի

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ յառաջիկայ օրերուն պիտի ստորագրուի ՀՀ եւ ՌԴ Զինուած ուժերու միացեալ զօրախումբի վերաբերեալ համաձայնագիրը: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, որ եռօրեայ պաշտօնական այցով մեկնած է Մոսկուա:

Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ այցի ընթացքին ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ պիտի հանդիպի, որուն ընթացքին, բացի վերոնշեալ համաձայնագիրէն, կը նախատեսուի ստորագրել նաեւ ՀՀ եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2017-ի համագործակցութեան ծրագիրը, կը հաղորդէ «Մեդիամասք»-ը:

Անդրադառնալով երկու երկիրներու զինուած ուժերու միջեւ միացեալ զօրախումբի գաղափարինˋ նախարարը նշած է հետեւեալը. «Մեծ հաշուովˋ այն վաղուց է ստեղծուել. 2000-ից սկսած ամէն տարիˋ Սեպտեմբերի 27-ին, մենք նշում ենք զօրախմբի կազմաւորման տարելիցը, որի հիմքը հանդիսանում է 16 տարի առաջ Սոչիում ստորագրուածˋ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ համատեղ անվտանգութեան ապահովման նպատակով զօրքերի (ուժերի) կիրառման համատեղ պլանաւորման հարցերի մասին համաձայնագիրը»:

Նախարարին խօսքով, միացեալ զօրախումբի վերաբերեալ նոր ստորագրուող համաձայնագիրով միջպետական մակարդակով եւ օրինաչափական-իրաւական առումով պիտի հաստատուի զօրախումբի գործունէութեան նպատակները, առաջադրանքները, կազմը, փոխադարձ համագործակցութեան կազմակերպումը, կառավարման համակարգը, նիւթատեխնիկական եւ ֆինանսական ապահովման եւ այլ հարցեր:

«Միացեալ զօրախմբի հիմնական առաջադրանքը կայանում է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի դէմ զինուած յարձակմանը նախապատրաստումը, ժամանակին յայտնաբերումն ու հետ մղումը»,- ըսած է նախարարը:

Հայաստանի գործնական-ռազմավարական խնդիրներու լուծման ծաւալով պայմանաւորուածˋ Վիգէն Սարգսեան յատկապէս կարեւոր համարած է, որ զօրախումբը տեղակայուած է Հայաստանի տարածքին:

Այցի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ հանդիպում Պելառուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Անտդրէ Ռաւքովի հետ եւ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2017-ի համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment