Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ատրպէյճան Արտահանած Է Ալիւմինիումէ Փայլաթիթեղ․ Պապոյեան

Հայաստանը Ատրպէյճան Արտահանած Է Ալիւմինիումէ Փայլաթիթեղ․ Պապոյեան

by MassisPost

Հայաստանը Ատրպէյճան արտահանած է ալիւմիումէ փայլաթիթեղ․ Սեպտեմբեր 24-ի կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին այդ մասին յայտնեց ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ նշելով, որ մանրամասնութիւնները հետագային պիտի տրամադրուին։

Պապոյեան չյայտնեց, թէ ինչ քանակութեամբ ալիւմիումէ փայլաթիթեղ արտահանուած է Ատրպէյճան եւ ինչ արժէք ունեցած է գործարքը։

Օգոստոս 31-ին ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առեւտուրը պիտի դառնայ երկկողմ։ Ան նշեց, որ ատրպէյճանական ընկերութիւնները հայկական ընկերութիւններէն ապրանք գնած են, իսկ Հայաստանը եւս կը պատրաստուի Ատրպէյճանին ապրանք վաճառելու։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առեւտրային կապերու զարգացումը վերջին տարուան մէջ աշխուժացած է։

Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէի 2026-ի Յունուար-Յունիս ամիսներու վիճակագրութեան համաձայն՝ առաջին կիսամեակին  Հայաստանէն ներմուծած է ընդամէնը 960 տոլարի ապրանք։

ՊԵԿ տուեալներուն համաձայն՝ 2025-ի առաջին կիսամեակին Ատրպէյճանէն Հայաստան ապրանքներու ներմուծում ընդհանրապէս չէ իրականացուած։ Մինչդեռ 2026-ի նոյն ժամանակահատուածին Ատրպէյճանէն Հայաստան ներմուծուած է 17,9 միլիոն տոլարի ապրանք։ Ներմուծման ճնշող մեծամասնութիւնը՝ աւելի քան 99 տոկոսը, կազմած են քարիւղը եւ նաւթամթերքը։ Մասնաւորապէս, Հայաստան հասած է աւելի քան 14.000 թոն նաւթամթերք՝ աւելի քան 17 միլիոն տոլար արժողութեամբ։ Բացի վառելանիւթէն, ներմուծուած է նաեւ 31 թոն փլասթիք շինարարական նիւթեր՝ շուրջ 109.000 տոլար ընդհանուր արժողութեամբ։

Հայաստան ատրպէյճանական արտադրանքի առաջին խմբաքանակներէն մէկը հասած էր 2025-ի Դեկտեմբերին․ Վրաստանի տարածքով Հայաստան ժամանած էր ատրպէյճանական SOCAR ընկերութեան մօտ 1,300 թոն պենզինով բեռնուած 22 վակոնէ բաղկացած գնացք։

Միաժամանակ, Հայաստանի իշխանութիւնները

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment