ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ քննարկած է երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները:
Փաշինեան եւ Փեզեշքեան անդրադարձած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն եւ անոնց ընդլայնման միտուած քայլերուն:
Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստան-Իրան համագործակցութիւնը կը զարգանայ յաջողութեամբ, համատեղ ծրագրեր կ’իրականցուին տարբեր ոլորտներու մէջ:
Կողմերը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովումը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:


