Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ն Ընդունեց «Կուսակցութիւններու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

ԱԺ-ն Ընդունեց «Կուսակցութիւններու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքի նախագիծը: Օրինագծին կողմ քուէարկեցին 99 պատգամաւոր:

Օրէնքը լրամշակելու անհրաժեշտութիւնը ծագած է սահմանադրական փոփոխութիւններէն յետոյ: Այս նոր օրէնքով, ըստ Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի, կը դիւրանայ կուսակցութիւն գրանցելու գործընթացը, կը նուազին պահանջները. 200-ի փոխարէն 100 հիմնադիր անդամ, 2000-ի փոխարէն կուսակցութիւնը կրնայ ունենալ 1000 անդամ:

Յովհաննիսեանը ըսաւ, որ արդէն գործող 79 կուսակցութիւններուն օրէնսդրական փոփոխութենէն յետոյ վերագրանցուելու պահանջ չի ներկայացուիր:
Պատգամաւորներու մէկ մասը բարձրացուց քաղաքական դաշտին մէջ զուտ ձեւականօրէն, թուղթի վրայ գոյութիւն ունեցող մարդ-կուսակցութիւններու հարցը՝ կարծիք յայտնելով, որ օրէնքի ազատականացումն ա՛լ աւելի կը վատթարացնէ իրավիճակը:

Նաիրա Զօհրապեանը (ԲՀԿ) ըսաւ, որ կուսակցութիւն հիմնելը «քաղաքական գործարքի ձեւ է դարձել՝ ընտրութիւնից ընտրութիւն խոշոր կուսակցութիւնից գումար կորզելու համար»:

Էտմոն Մարուքեանը հարց բարձրացուց․ «արդեօ՞ք Հայաստանի քաղաքական համակարգի հիմնական խնդիրը այն կուսակցութիւններն են, որոնք միայն թղթի վրայ գոյութիւն ունեն»: Անկախ պատգամաւորը նկատեց, որ կուսակցութիւնները զրկուած են հաւասար պայմաններէն, համատարած «հանրապետականացման» գործընթաց կ’երթայ, որ վտանգաւոր է:

Արամ Մանուկեանը (ՀԱԿ) հակասութիւն կը տեսնէ օրէնքի, առաջարկուող նախագծի եւ ՀՀԿ-ի վերջին համագումարի միջեւ․ մասնաւորապէս, թէ կուսակցական դառնալը կամաւոր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment