Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Ճերի Տայըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 30-ին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի շարք մը անդամներ, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեան։
Հիւրերը դիմաւորած եւ այցելութեան ընթացքին անոնց ընկերակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշճեան։
Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։
Այնուհետեւ հիւրերը շրջած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած մշտական ու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։
Շրջայցի աւարտին Ֆրեզնոյի քաղաքապետը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։
Այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով՝ Հրաչեայ Թաշճեան պատուիրակութեան ղեկավար Ճերի Տայըրին նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։

