Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միքայէլ Մինասեանը Հրաւիրուած Է Դատախազութիւն

Միքայէլ Մինասեանը Հրաւիրուած Է Դատախազութիւն

by MassisPost

Միքայէլ Մինասեանը հրաւիրուած է Գլխաւոր դատախազութիւն։ Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը աւարտած է Մինասեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ ուսումնասիրութեան նախնական ամփոփագիրը։

Ըստ ծանուցման՝ Մինասեանը պէտք է դատախազութիւն ներկայանայ Հոկտեմբեր 9-ին։

Ծանուցագիրը ստանալու պահէն մէկ ամսուայ ընթացքի ան իրաւունք ունի ծանօթանալու ուսումնասիրութեան հաւաքուած նիւթերուն, այդ շարքին՝ անոնց հիմքին գտնուող քրէական վարոյթի փաստաթուղթերուն, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու իր դիրքորոշումն ու յայտարարագիրը։

Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանը կը մեղադրուի ապօրինի հարստացման, յայտարարագրին մէջ կեղծ տուեալներ ներկայացնելու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքը օրինականացնելու մէջ։

Անոր նկատմամբ 2020-ի Մարտ 23-էն միջազգային հետախուզում յայտարարուած էր։ 2022-ի Սեպտեմբերին Գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ Մինասեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզումը դադրեցուած է:

Միքայէլ Մինասեանը Հայաստան չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment