Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աւանի Մէջ Բացուած Է «Եուվենտուս»-ի Հայաստանի Ակադեմիան

Աւանի Մէջ Բացուած Է «Եուվենտուս»-ի Հայաստանի Ակադեմիան

by MassisPost

Երեւանի Աւան վարչական շրջանին մէջ պաշտօնապէս բացուած է «Եուվենտուս» ֆութպոլի ակումբի Հայաստանի ակադեմիան։

Արարողութեան մասնակցած են ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, ՀՖՖ նախագահ Արմէն Մելիքբեկեան, Հայաստանի մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեսսանտրօ Ֆերրանթի, ՈՒԵՖԱ-ի գլխաւոր քարտուղար Թէոտոր Թէոտորիտիս, «Եուվենտուս» ֆութպոլի ակումբի գլխաւոր գործարար տնօրէն Փիթըր Սիլվըրսթոն, ակումբի լեգենդ եւ Իտալիոյ ախոյեան Ֆապրիցիօ Ռաւանելլի, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։

Աւանի մարզաբազան ունի մարզասրահ, բժշկական հետազօտութիւններու եւ վերականգնողական գօտիներ, նորագոյն արհեստագիտութեամբ յագեցած վերլուծութեան սենեակ, մարզիչներու եւ երեխաներու համար նախատեսուած կացարան, ինչպէս նաեւ այլ ենթակառոյցներ։ Շէնքը կառուցուած է ժամանակակից «կանաչ շէնքերու» չափանիշներուն համապատասխան։

«Եուվենտուս» ֆութպոլի ակումբի գլխաւոր գործարար տնօրէն Փիթըր Սիլվըրսթոն բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած ենթակառոյցներն ու ծրագրի իրականացման ընթացքը։

«Մենք հաճելիօրէն զարմացած ենք՝ այստեղ բանալով այս հիանալի մարզաբազան։ Ասիկա Հայաստանի ներկայացուածութեան, այստեղ կատարուած մեծ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ բարձրակարգ գործընկերութեան վկայութիւնն է։ «Եուվենտուս»-ը ամբողջ աշխարհի մէջ ունի շուրջ 100 ֆութպոլի ակադեմիա, սակայն այն, ինչ տեսանք այստեղ, իսկապէս բացառիկ է։ Ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին նման ենթակառոյցի ստեղծումը անհաւատալի ձեռքբերում է։ Իսկ ամենակարեւորը այն է, որ 600-700 պատանի սաներ արդէն արձանագրուած են եւ սկսած են մարզուիլ «Եուվենտուս»-ի ակադեմիային մէջ», ըսած է Փիթըր Սիլվըրսթոն՝ կատարուած աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագրին մէջ ներգրաւուած կողմերուն։

«Եուվենտուս» ֆութպոլի ակումբի Հայաստանի ակադեմիայի շինարարութիւնը սկսած է 2025 թուականի Մայիսի վերջաւորութեան։ Արդէն պատրաստ են եւ կը գործեն երկու ժամանակակից մարզաբազաներ՝ Երեւանի «Աւան» եւ «Կեդրոն» վարչական շրջաններուն մէջ, իսկ երրորդ մարզաբազայի կառուցման աշխատանքներուն մեկնարկը տրուած է Կոտայքի մարզի Նոր Հաճըն համայնքին մէջ։

Մարզաբազաներուն մէջ կառուցուած են բնական եւ արհեստական խոտածածկով բարձրորակ խաղադաշտեր, օրկանական նիւթերով լեցուած արհեստական խոտածածկով դաշտեր՝ փոքր տարիքի երեխաներու համար, ինչպէս նաեւ փակ խաղադաշտ։

«Եուվենտուս»-ի Հայաստանի ակադեմիային մէջ մարզուող երեխաներուն հետ կ’աշխատին «Եուվենտուս»-ի համակարգէն ժամանած 15 օտարերկրացի մարզիչներ, որոնք կը կիրարկեն ակումբի ժամանակակից մարզչական մեթոտաբանութիւնն ու գիտելիքահէն մօտեցումը։

Ակադեմիայի լաւագոյն սաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մեկնելու Թորինօ՝ «Եուվենտուս»-ի մայր ակադեմիա, մասնակցելու «Եուվենտուս»-ի ակադեմիաներու աշխարհի ախոյեանութեան խաղերուն եւ հետագային իրենց ասպարէզը շարունակելու եւրոպական ակումբներու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment