2026թ. առաջին կիսամեակին Հայաստանի տնտեսութիւնը շարունակած է աճիլ, թէեւ առանձին ճիւղերու մէջ արձանագրուած են որոշակի անկումներ։
Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն համաձայն՝ ընթացիկ տարուայ Յունուար-Յունիսին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճած է 7,9%-ով, իսկ միայն Յունիսին, 2025-ի Յունիսի համեմատ, այն կազմած է 7,7%:
Տնտեսական աճի հիմնական շարժիչ ուժերէն կը շարունակէ մնալ շինարարութեան ոլորտը, ուր կիսամեակային կտրուածքով գրանցուած է 24,5%-ի, իսկ Յունիսին՝ 25,4%-ի աճ։ Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը առաջին վեց ամիսներուն աւելցած է 10,8%-ով, ընդ որում, յունիսեան աճը նախորդ տարուայ նոյն ամսուայ նկատմամբ կազմած է 4%։
Ծառայութիւններու ոլորտին մէջ (առանց առեւտուրի) նոյնպէս կը նկատուի դրական շարժ. Յունուար-Յունիսին այս ճիւղը արձանագրած է 11%, իսկ Յունիսին՝ 19,7% աճ։ Միեւնոյն ժամանակ, առեւտուրի շրջանառութիւնը առաջին կիսամեակին աւելցած է ընդամէնը 0,9%-ով, իսկ Յունիսին, 2025-ի Յունիսի համեմատ, նկատուած է չնչին նուազում՝ 0,1%-ով։
Ի հակադրութիւն ընդհանուր աճող ճիւղերուն՝ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը առաջին կիսամեակին նուազած է 11,9%-ով։ Միւս կարեւոր ցուցանիշերու շարքին հարկ է առանձնացնել ելեկտրուժի արտադրութեան ծաւալները, որոնք աճած են համաչափօրէն՝ ե՛ւ կիսամեակային, ե՛ւ յունիսեան կտրուածքով գրանցելով 7,7%-ի աճ:
Ինչ կը վերաբերի գնաճային միջավայրին, ապա սպառողական գիներու ցուցակը Յունուար-Յունիսին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, աճած է 4,6%-ով, իսկ Յունիս ամսուն՝ 5,1%-ով։
Չնայած տնտեսական աշխուժութեան աճի շարժին` Վիճակագրական տուեալները կը վկայեն արտաքին առեւտուրի ընդհանուր ծաւալներու կրճատման մասին։
Առաջին կիսամեակին արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը նուազած է 0,1%-ով, իսկ Յունիսին գրանցուած է արդէն 3,3% անկում։ Այս պատկերը ձեւաւորուած է ներմուծման եւ արտահանման հակադիր միտումներու լոյսին տակ, եթէ ներմուծման ծաւալները աճած են թէ՛ Յունիսին (8,6%-ով), թէ՛ կիսամեակային (4%-ով) կտրուածքով, ապա արտահանման ծաւալները զգալիօրէն կրճատուած են։
Յունուար-Յունիսին Հայաստանէն արտահանումը նուազած է 6,7%-ով, իսկ միայն Յունիսին անկումը հասած է 20,5%-ի։ Չնայած արտաքին առեւտուրին, յատկապէս արտահանման շարունակուող անկման, որ մեծապէս պայմանաւորուած է ՌԴ-ի հետ առեւտուրի ծաւալներու կրճատմամբ (հիմնականին մէջ, ըստ մասնագէտներու, թանկարժէք քարերու եւ մետաղներու ՌԴ-ից ՀՀ տարածքով վերաարտահանման նախկին կշռոյթներու կրճատմամբ), միւս ուղղութիւններով կը նկատուի աճ, որուն մասին յայտնած էին պաշտօնական կառոյցները:
«Հայաստանից արտահանումը 2026թ. Յունուար-Յունիսին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ. Չինաստան՝ աճել է 83,4%-ով, Հնդկաստան՝ աճել է 81,3%-ով, Եւրոպական Միութիւն՝ աճել է 80%-ով»,- ֆէյսպուքեան իր էջով այս մասին գրած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:

