Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ առաջին անգամ Յունիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր։
Ըստ պաշտօնական Երեւանի՝ կողմերը մտքեր փոխանակած են Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւններու օրակարգին, մասնաւորաբար՝ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած խնդիրներուն վերաբերեալ։
Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի ծագում ունեցող ապրանքներու՝ ռուսական շուկայ արտահանման սահմանափակումները կը հակասեն Հայաստան–Ռուսաստան իրաւապայմանագրային շրջանակին ու Եւրասիական տնտեսական միութեան կարգաւորումներուն, եւ խնդրած է միջոցներ ձեռնարկել՝ այս խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ։
Կրեմլի փոխանցմամբ՝ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ կայացած հեռախօսազրոյցին ընթացքին Վլատիմիր Փութին վերահաստատած է Մայիս 29-ին
Աստանայի մէջ ԵԱՏՄ անդամ երեք երկիրներու ղեկավարներուն հետ ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան միանալուն ուղղուած գործողութիւններուն վերաբերեալ։ Փութին մասնաւորապէս ընդգծած է Հայաստանի մէջ հնարաւորինս շուտ համազգային հանրաքուէ անցկացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ ԵՄ-ին միանալու կամ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու վերաբերեալ։
Հայաստանի կառավարութեան հաղորդմամբ՝ Փաշինեան ըսած է, որ հանրաքուէի անցկացումը գործնականօրէն հնարաւոր է միայն Հայաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով պաշտօնական դիմում ներկայացնելէ եւ թեման առարկայական դարձնելէ ետք։
Փաշինեան ընդգծած է նշուած հարցերը բաց, գործընկերային եւ բարեկամական երկխօսութեան միջոցով լուծելու Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։
«Զրոյցը եղած է Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ Հայաստանի վերաբերեալ վերջերս ընդունուած յայտարարութեան շուրջ։ Ընդգծուած է Հայաստանի մէջ հնարաւորինս շուտ հանրաքուէ անցկացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ որոշելու համար, թէ ո՛ր ուղղութեամբ կը ցանկայ երթալ Հայաստանը», լրագրողներուն ըսած է Կրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը։
Մոսկուա մինչեւ օրս չէ շնորհաւորած Փաշինեանը կամ ՔՊ-ն՝ ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի

