«Արարատցեմենտ»-ի գործարանը վերսկսած է իր արտադրական գործընթացը։
ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էդգար Զաքարեան այցելած է «Արարատցեմենտ»-ի գործարան եւ այնտեղ ծանօթացած է արտադրական գործընթացի կազմակերպման։ Շրջայցի ընթացքին անոր ուղեկցած է գործարանին գլխաւոր տնօրէնը։
Էդգար Զաքարեան յայտնած է նախարարութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու գործարանի արտադրական գործունէութեան ընթացքին յառաջացող հնարաւոր խոչընդոտներու լուծման։
Անդրադառնալով գործարանի աշխատանքի վերականգնման ընթացքին՝ նախարարի տեղակալը նշած է, որ արտադրական գործընթացի անխափան եւ անընդհատ ընթացքը կարեւոր է ինչպէս արդիւնաբերական ներուժի պահպանման, այնպէս ալ տնտեսական աշխուժութեան խթանման տեսանկիւնէն։

