Ամերիկեան ճարտարագիտա-խորհրդատուական AECOM ընկերութիւնը ուսումնասիրած է «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղիի» (ԹՐԻՓՓ) տեղանքը։
Այդ մասին Յուլիս 10-ին տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը։
«AECOM-ի խումբն ու ՀՀ կառավարութեան գործընկերները ուսումնասիրեցին ԹՐԻՓՓ-ի տեղանքը՝ երկաթգիծի եւ այլ ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման նպատակով, ինչ որ պիտի աջակցի տնտեսական աճին, փոխկապակցուածութեան եւ տարածաշրջանային համարկման», նշուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։

