Վերջերս՝ Մոնթրէալի մէջ բեմադրուած Բունչիկ թատերախումբը ներկայացաւ, ոչ միայն որպէս թատերախումբ, այլ որպէս սփիւռքեան յիշողութեան, ինքնութեան եւ մշակութային շարունակութեան արտայայտութիւն։
«Փոքր իմաստուն բու»ն, որպէս խորհրդանիշ, դիտարկողն ու մեկնաբանողն է, որ կը հսկէ ու գեղարուեստական ձեւակերպումներով լուսարձակի տակ կը ներկայացնէ սփիւռքեան կեանքի առօրեայ կերպարները եւ երեւոյթները։
Բունչիկ-ը անկախ հայկական թատերախումբ մըն է, հաստատուած Մոնթրէալի մէջ, որուն անդամները ծագումով Հալէպահայ են։ Անոնք կը ներկայացնեն այն սերունդը, որ Սուրիոյ մէջ տիրող երկարատեւ անկայունութեան հետեւանքով ստիպուած եղաւ լքել իր պատմական կեդրոնը եւ վերահաստատուիլ սփիւռքի նոր պայմաններուն մէջ։ Այս պարագային, խումբին գործունէութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս մշակութային վերարտադրութեան եւ ինքնութեան վերակազմաւորման գործընթաց, ուր արեւմտահայերէնը եւ թատրոնը կը գործեն իբրեւ հիմնական միջոցներ։
Ներկայացման գեղարուեստական ձեւակերպումը կառուցուած է կարճ, ինքնուրոյն տեսարաններու շարանէ մը, որոնք կը միաւորեն երգիծաբանութիւնը, հեգնանքը, ծաղրանքը եւ ընկերային յարաբերութիւնները։ Տեսարանները կը հիմնուին սփիւռքեան գաղութներու ծանօթ կերպարաբանութեան վրայ՝ ներառելով հարս ու կեսուր
յարաբերութիւն, ամուսնական լարուածութիւններ եւ սերունդներու միջեւ փոխազդեցութիւններ։ Այս կերպարները, թէեւ որոշ չափով տիպականացուած, կը պահպանեն իրենց ընկերային եւ մշակութային հաւաստիութիւնը՝ շնորհիւ խօսակցական լեզուի ճշգրիտ գործածութեան եւ դերասանական նրբազգաց մեկնաբանութեան։

Ձախէն աջ՝ Ժանօ Արապաթլեան, Հրանդ Մարոնեան, Արփի Սողոմոնեան, Ցոլիկ Մուղալեան, Յարութ Փանոսեան, Ազիկ Թաթուլեան եւ Վարդօ Մուղալեան։
Կատակերգութեան գործիքը այստեղ կը ծառայէ, ոչ միայն զուարճութեան, այլ նաեւ քննադատական դիտարկութեան նպատակին՝ առանց բացայայտ դատողութեան։ Այս մօտեցումը կը տեղաւորէ ներկայացումը ժամանակակից մշակոյթի այն հոսանքին մէջ, ուր ինքնաքննադատութիւնը եւ ինքնահեգնանքը կը դառնան պատգամներու միջոցներ։
Բեմադրութեան եւ կատարողական յատկանիշները Ցոլիկ Մուղալեանի հեղինակային եւ բեմադրական ղեկավարութեամբ կը բնորոշուին կերպարներու մանրակրկիտ կառուցումով եւ բեմական ընթացքին ճշգրիտ վերահսկումով։ Դադարներու, շարժումներու եւ արտայայտչական ժեստերու համակարգուած գործածութիւնը կը ստեղծէ ճանաչելի եւ հաւաստի միջավայր մը, որ կը վերարտադրէ սփիւռքեան տարբեր ընկերային կեանքի կառուցուածքները։
Դերասանական կազմը կը ցուցաբերէ բարձր աստիճանի ճկունութիւն՝ արագ անցնելով տարբեր կերպարներու եւ տիպարներու միջեւ։ Այս բազմաշերտութիւնը կը նպաստէ ներկայացման աշխոյժ բնոյթին եւ կը խուսափի կերպարներու միաչափ ընկալումէն։
Արտադրական առումով, ներկայացումը կը գործէ սահմանափակ նիւթական միջոցներով, հիմնուած համայնքային մասնակցութեան եւ ինքնակազմակերպման վրայ։ Այս հանգամանքը սահմանափակում չէ, այլ արտայայտութեան ձեւ՝ շեշտելով հայկական սփիւռքի մշակութային նախաձեռնութիւններու ինքնաբուխ եւ համախմբող բնոյթը։
Նախագիծին առանցքային բաղադրիչներէն մէկը անոր միջսերունդային համագործակցութիւնն է։ Միջին տարիքի եւ երիտասարդ սերունդները կը մասնակցին բեմական, թէքնիքական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Այս համատեղ գործունէութիւնը կարելի է մեկնաբանել որպէս մշակութային ժառանգութեան փոխանցման գործընթաց, ուր գիտելիքը եւ փորձառութիւնը կը փոխանցուին գործնական մասնակցութեան միջոցով։
Ներկայացման նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ հետաքրքրութիւնը եւ լրիւ վաճառուած ելոյթները կը վկայեն Մոնթրէալի հայկական գաղութէն ներս համայնքային պահանջարկի եւ մշակութային ինքնարտայայտութեան անհրաժեշտութեան մասին։
Բունչիկ-ը հումորային խօսակցական լեզուի, եւ բարբառներու գործածութեամբ կը հետապնդէ յստակ լեզուական եւ մշակութային նպատակադրում մը՝ հայերէնը ներկայացնել որպէս կենդանի հաղորդակցութեան միջոց։ Նման մօտեցումը կը շեշտէ, որ հայերէնը սահմանափակուած չէ ողբերգական յիշողութեամբ կամ պաշտօնական հռետորաբանութեամբ։
Բունչիկ-ի բեմադրութիւնը կարելի է գնահատել որպէս սփիւռքեան մշակութային վերանորոգման օրինակելի փորձ։ Անիկա կը միաւորէ յիշողութիւնը, ծիծաղը եւ լեզուն՝ ստեղծելով հարթակ մը ուր այս գործունէութիւնը կը գերազանցէ զուտ թատերական սահմանները եւ կը դառնայ ընկերային եւ մշակութային միջամտութիւն, նպաստելով լեզուի պահպանման եւ համայնքային կեանքի աշխուժացման։
ՍԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

