Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Հեռակառավարուող Ականազերծման Մեքենաներ Տրամադրած Է

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Հեռակառավարուող Ականազերծման Մեքենաներ Տրամադրած Է

by MassisPost

Եւրոմիութեան աջակցութեամբ Հայաստան ներկրուած է հեռակառավարվուղ ականազերծման յատուկ երկու մեքենայ, որոնք պիտի կիրառուին երկրի վտանգաւոր վայրերուն մէջ մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներու համար։

Խրուաթական արտադրութեան այս տեխնիկան նախատեսուած է բոլոր տիպի ականներու համար եւ ունակ է դիմանալու հզօր պայթումներու։

Պաշտօնական գնահատմամբ՝ Հայաստանի հինգ մարզերու մէջ՝ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Արարատի եւ Գեղարքունիքի մէջ, առկայ է շուրջ 43 միլիոն քառակուսի մեթր «աղտոտուած տարածք», այսինքն՝ վտանգաւոր հատուածներ։ Անոնք հիմնականին մէջ գիւղատնտեսական հողեր, արօտավայրեր ու ենթակառուցուածքներ են։ Ըստ կառավարութեան՝ նոր սարքաւորումներուն կիրառումը պիտի նպաստէ վտանգներու էական նուազեցման եւ տարածքներու ընկերա-տնտեսական զարգացման։

Այս յատկացումը կ’իրականացուի 2025 թուականի Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած երկկողմ գործընկերութեան օրակարգի փաստաթուղթի շրջանակին մէջ, որով նախատեսուած է 15 միլիոն եւրօ յատկացնել խաղաղութեան պահպանման ու աւելի դիմացկուն Հայաստանի համար։ Բացի ականազերծման մեքենաներէն, Հայաստանը շուտով պիտի ստանայ նաեւ անհրաժեշտ յագեցուածութեամբ շտապօգնութեան երկու մեքենայ։

Հեռակառավարուող մեքենաները գործի պիտի դրուին 2027-էն եւ պիտի օգտագործուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքներուն մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment