Սահմանադրական դատարանը որոշեց ուժի մէջ թողել ԿԸՅ որոշումը՝ մերժելով ընտրութիւններուն արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու վերաբերեալ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն դիմումները: ՍԴ որոշումը հրապարակուեցաւ Յուլիս 4-ին:
ՍԴ-ն Յունիս 26-էն բանաւոր ընթացակարգով կը քննէր ԱԺ ընտրութիւններուն արդիւնքները բողոքարկող եօթը քաղաքական ուժերուն դիմումները: Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու դիմումներուն քննութիւնը աւարտած էր Յունիս 1-ին, դատարանը հեռացած էր խորհրդակցական սենեակ:
Յունիս 7-ին Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքներով խորհդարան կ’անցնին երեք ուժ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիրը», «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը շատ մօտ էր անցողիկ շեմին, սակայն վերահաշուարկի ընթացքին ԿԸՅ-ն չեղեալ համարեց երեք ընտրատեղամասի արդիւնքները, որուն արդիւնքով ԲՀԿ-ն կորսնցուց 213 քուէ։ Ընտրական օրէնսգիրքին փորձագէտները կը նշեն, որ ԿԸՅ-ի՝ այդ տեղամասերուն մէջ վերաքուէարկութիւն չնշանակելու որոշումը իրաւաչափ չէր։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պահանջով սկսած էր ընտրութիւններուն արդիւնքներու վերահաշուարկ։ ԲՀԿ-ին ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով քանի մը տասնեակ ձայն կը պակսէր 4-տոկոսնոց շեմը յաղթահարելու եւ խորհրդարան անցնելու համար։ Վերահաշուարկի եւ տեխնիկական սխալներու շտկման բերումով ԲՀԿ-ի ձայները աւելցած էին 147-ով։ Քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչցուած ընտրատեղամասերուն մէջ ԲՀԿ-ն 222 ձայն ստացած էր, որոնք պակսած էին արդիւնքները չեղարկելէ յետոյ։ Սա կը նշանակէր, որ այն ընտրատեղամասերուն մէջ, ուր քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչցուած էին ԿԸՅ-ի կողմէ, վերաքուէարկութեան կազմակերպման պարագային «Բարգաւաճ Հայաստանը» ամենայն հաւանականութեամբ կ’անցնէր խորհրդարան։

