Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Մասնակցած Է Ալի Խամինէիի Հրաժեշտի Պաշտօնական Արարողութեան

Փաշինեան Մասնակցած Է Ալի Խամինէիի Հրաժեշտի Պաշտօնական Արարողութեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի Մոսալլահ մզկիթին մէջ մասնակցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հանգուցեալ գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան:

Վարչապետը իր ցաւակցութիւնները փոխանցած է ԻԻՀ նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին, ԻԻՀ նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամմատ Ռեզա Արէֆին, ինչպէս նաեւ Ալի Խամինէիի ընտանիքի անդամներուն:

Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցած է Ալի Խամինէիի յիշատակին եւ գրառում կատարած է սգոյ մատեանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment