Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հրատարակուած է Վահէ Պէրպէրեանի Նամակներ Զաաթարէնը Անգլերէն Լեզուով

Հրատարակուած է Վահէ Պէրպէրեանի Նամակներ Զաաթարէնը Անգլերէն Լեզուով

by MassisPost

Հրատարակուած է հեղինակ, թատերագիր, նկարիչ եւ մենախօս Վահէ Պէրպէրեանի Նամակներ Զաաթարէն վէպի երկար սպասուած անգլերէն թարգմանութիւնը, որ այժմ հասանելի է ամբողջ աշխարհին՝ Amazon-ի միջոցով, թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ Kindle տարբերակներով։

Առաջին անգամ Լոս Անճելըսի մէջ հայերէն լեզուով 1996-ին հրատարակուած Նամակներ Զաաթարէնը շատ արագ դարձաւ սփիւռքահայ ընթերցողներու կողմէ լայնօրէն կարդացուած վէպերէն մէկը եւ ունեցաւ երեք տպագրութիւն։ Ասիկա անոր առաջին անգլերէն հրատարակութիւնն է։

Պատմութիւնը տեղի կունենայ Զաաթար անունով երեւակայական երկրի մը մէջ։ Վէպը կը հետեւի Զոհրապ Անմահունիին՝ Լոս Անճելըս բնակող ճարտարապետի մը, որ անսպասելի կերպով կ’ընդունի հեռաւոր եւ քաղաքականապէս անկայուն երկրի մը մէջ հիւպատոսի պաշտօնը։ Այն, ինչ սկզբնական շրջանին ժամանակաւոր փախուստ մը կը թուի ըլլալ, աստիճանաբար կը վերածուի խոր անձնական առերեսման մը՝ մինակութեան, տեղահանութեան, յիշողութիւններու, փափաքներու եւ ինքնութեան դանդաղ քայքայման հետ։

Քաղաքական երգիծանքը, գոյութենական կատակերգութիւնը եւ ամուսնական կեանքի տրաման միախառնելով՝ Նամակներ Զաաթարէնը կ’ուսումնասիրէ աքսորը ոչ միայն որպէս աշխարհագրական վիճակ, այլ որպէս հոգեբանական կացութիւն։ Քնքուշ, անհեթեթ եւ սեւ երգիծանքով համեմուած վէպը կը դիտարկէ, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ փախուստը կը վերածուի թակարդի, եւ երբ հեռաւորութիւնը մարդը ի վերջոյ կը ստիպէ առերեսուիլ ինքն իրեն հետ։

Պէրպէրեան անձամբ թարգմանած է վէպը անգլերէնի՝ գրեթէ երեք տասնամեակ անց կրկին վերադառնալով եւ վերամշակելով գործը։

«Այսքան տարիներէ ետք Զաաթար վերադառնալը տարօրինակ կերպով քնքուշ եւ անսպասելիօրէն յուզիչ փորձառութիւն մը եղաւ», կը գրէ Պէրպէրեան նոր հրատարակութեան նախաբանին մէջշ աւելցնելով , որ գիրքը գրուած էր երիտասարդական հրատապութեամբ եւ անկեղծ կոպտութեամբ մը, որ մեծ անհամբերութեամբ կը փափաքէր պատմութիւն մը պատմել։ Ատոր համար ալ թարգմանութեան մէջ ստիպուած զգացած է որոշ բաժիններ մանր-մունր փոփոխութիւններու երթարկելու։

Հումորի, փիլիսոփայական մտորումներու եւ հասարակական մեկնաբանութեան իր առանձնայատուկ համադրութեամբ ծանօթ Պէրպէրեան հրատարակած է բազմաթիւ վէպեր, թատերախաղեր, եւ մենախոսութիւններ։

Letters From Zaatar-ը այժմ հասանելի է Amazon-ի վրայ՝ տպագիր եւ Kindle տարբերակներով։ Amazon.com

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment