Ազգային Ժողովի 2026 թուականի ընտրութիւնները յառաջ բերած են նոր յեղափոխութեան օրակարգ։ Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ այս մասին յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Վարչապետին խօսքով՝ իշխանութիւնը դժուարութիւն ունեցած է հանրութեան բացատրելու, թէ ինչու նախկին իշխանութիւնները եւ անոնց հետ կապուող շրջանակները մինչ օրս բանտը չեն։
«Մենք դժուարութիւն ունէինք հանրութեանը բացատրելու, թէ ինչու Ռոպերթ Քոչարեանը բանտում չէ։ Մենք դժուարութիւն ունէինք հանրութեանը բացատրելու, թէ ինչու Գագիկ Ծառուկեանի թալանածը վերադարձուած չէ։ Մենք դժուարութիւն ունեինք ժողովրդին բացատրելու, թէ ինչպէ՞ս է պատահել, որ կալուգացի օլիկարխը յեղափոխութիւնից յետոյ 8 տարիների ընթացքում շարունակել է մանկապարտէզներից եւ դպրոցներից հոսանք գողանալ, ինչպէ՞ս է դա հնարաւոր եղել»,- ըսաւ Փաշինեան։
Փաշինեանի գնահատմամբ՝ անոր պատճառներէն մէկը այն է, որ այդ շրջանակները ունեցած են արտաքին հովանաւորներ, որոնց հետ կապուած իշխանութիւնները նախապէս զգուշաւոր եւ կաշկանդուած եղած են։
Անոր խօսքով՝ ընտրութիւններէն յետոյ ձեւաւորուած է նոր քաղաքական օրակարգ։
«Այս ընտրութիւնը եւ ընտրութիւններում արձանագրուած աշխուժութիւնը յառաջ է բերել նոր յեղափոխութեան օրակարգ։ Յեղափոխութիւն, որտեղ թաւիշը պէտք է բացառուի»,- նշեց վարչապետը։
Փաշինեան յայտնեց, որ նախկին համակարգը, իր գնահատմամբ, կառուցուած է օլիկարխիկ շրջանակներու պաշտպանութեան համար, եւ այն պէտք է փոխուի։
«Ամբողջ նախորդող շրջանում սահմանադրական կարգը կառուցուել է այդ օլիկարխիան պաշտպանելու համար։ Մենք պէտք է գնանք այդ համակարգը ջարդելու ճանապարհով, ուրիշ տարբերակ չկայ»,- ըսաւ Փաշինեան։
Վարչապետին խօսքով՝ այս ընտրութիւնը սովորական քաղաքական գործընթաց չէր։
«Սա պարզ ընտրութիւն չէ։ Կա՛մ հիմա նորից յեղափոխութիւնը նոր թափ է ստանում, կա՛մ հակայեղափոխութիւնը յաղթում է։ Սա է մեր ընտրութիւնը»,- եզրափակեց Փաշինեան։

