ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ
Շաբաթ, Մայիս 23-ին Փասատինայի Վիքթըրի քաղաքային հանրապարտէզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Մշակութային Բ. Փառատօնը, վայրը վերածելով մշակոյթի, ազգային ոգիի եւ համայնքային համախումբի գեղեցիկ տօնախմբութեան մը: Փառատօնի ընթացքին Փասատինայի բոլոր հայկական դպրոցները, քաղաքական-մշակութային կազմակերպութիւները եւ եկեղեցիները միասնաբար ներկայացուցին հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթն արուեստն ու աւանդութիւնները: Ամենամեայ փառատօնի հիմնական նպատակն է քաղաքի հայկական դպրոցներուն նիւթական աջակցութիւն տալ:Առաւել՝ Հայկական մշակոյթը ներկայացնել Սան կապրիէլ Հովիտի հայկական համայնքին եւ աշխատանքային ու գործնական յարաբերութիւնները զարգացնել Փասատինայի ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւններու հետ :
Օրուան ընթացքին ներկաները վայելեցին հայկական երգը, պարը, ասմունքը եւ բազմազան գեղարուեստական ներկայացումները, որոնք արտացոլեցին ազգային ինքնութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնները:
Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը, որ ամէն տարի տեղի կ’ունենայ, առիթ կը հանդիսանայ, որ նոր սերունդը վերապրի ու արժեւորէ իր ազգային արմատները, իսկ համայնքը՝ միասնաբար տօնէ հայ մշակոյթի կենսունակութիւնն ու շարունակականութիւնը:
Փառատօնի վայրի տարածքին մէջ յատուկ բաժին մը տրամադրուած էր մանուկներուն, ուր անոնք մեծ խանդավառութեամբ կը վայելէին խաղավայրի զանազան խաղալիքներն ու ժամանցային զբաղումները: Տեղւոյն տարբեր տարածքի վրայ կային նաեւ բազմատեսակ ճաշերու տաղաւարներ եւ առեւտուրի գունագեղ կրպակներ, որոնք տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծէին ներկաներուն համար:
Օրուան ծրագիրը հարուստ էր ու բազմազան: Բեմ բարձրացան Փասատինայի հայկական համայնքը ներկայացնող դպրոցները, մարզական-մշակութային միութիւնները, պարախումբերը, երգչախումբերը, երգիչները, նուագիչները եւ արուեստագէտները, որոնք իրենց գեղեցիկ ու հայրենաշունչ կատարումներով ջերմ մթնոլորտ մը պարգեւեցին ներկաներուն՝ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերուն:
Փառատօնը սկիզբ առաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի մատուցած Տէրուանական աղօթքով, ապա Հ.Ե.Ը-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտներու ներկայութեամբ եւ խմբավար Եարուանդ Քէշիշեանի կատարողութեամբ հնչեցին ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի քայլերքները:
Օրուան հանդիսավարուհի Նաթալի Դաւիթեան բարի գալուստի ջերմ խօսքերէ ետք հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն եւ պաշտօնապէս յայտարարեց փառատօնի բացումը:
Այնուհետեւ Նաթալի Դաւիթեան իւրաքանչիւր մասնակիցը հակիրճօրէն ներկայացուց ու զանոնք բեմ հրաւիրեց: Նախ բեմ եկան Պլէր դպրոցի «Հայկական ճեմարանի» աշակերտները, որոնք արտասանեցին Տէրեանի ու Չարենցի հայենասիրական բանաստեղծութիւները, իսկ դպրոցի նորակառոյց պարախումբը պարեց հայկական «թամզարան»:
Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները իրենց երգերով եւ Եարխուշտա պարով գեղեցիկ ու ազդեցիկ մասնակցութիւն բերին օրուան ծրագրին: Անոնց անդրանիկ ելոյթն ու մասնակցութիւնը այս փառատօնին կարեւոր նպաստ ունեցաւ հանդիսութեան յաջողութեան:
Յովսէփեան Վարժարանի աշակերտները դասարանային շարքով բեմ բարձրացան ու Հայաստանը, Արցախը, հայ ժողովուրդի պայքարը, մշակոյթը ու յաղթանակները փառաբանող ոտանաւորներ եւ հայրենասիրական երգեր ներկայացուցին: Անոնց ոգեշունչ ու հայրենաբուխ կատարումները խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ներկաներուն մէջ, տարածելով՝ ազգային հպարտութիւն եւ հայկական ջերմ զգացմունք:
Վեպստեր հանրային նախակրթարանի հայկական բաժանմունքի աշակերտները գեղեցիկ արտասանութիւններով ներկայացուցին հայ լեզուին եւ Մայր Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, ինչպէս՝ «Իմ Հայ լեզու», «Մեսրոպեան Տառեր», «Ո՞վ Ունի» եւ «Իմ Հայրենիք»: Անոնց շրթունքներէն հպարտօրէն հնչեց քաղցրահնչիւն հայ լեզուն, իսկ Հայաստանը վերածուեցաւ սիրոյ աղօթքի եւ օրհնութեան օրրան:
Հայկական ժողովրդական պարերը հայ դպրոցական աշակերտին ծանօթացնելու ու սիրցնելու եւ անոնց մէջ ազգային ոգին արթնցնելու ազնիւ առաքելութիւնը ստանձնած Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերը իրենց նուիրումով, արուեստագիտական բարձր պատրաստութեամբ ու բեմական ներկայութեամբ յատուկ փայլ եւ շուք հաղորդեցին օրուան միջոցառումին: Անոնց պարի դպրոցի սաները հանդէս եկան «Հայաստան իմ»-ի մարտական խանդավառութեամբ եւ «խորոտիկի»-ի գեղեցիկ ու ոգեշունչ շարժումներով բառացիօրէն թնդացուցին բեմը՝ հոգիները փոխադրելով դէպի Արցախ ու Հայաստան, դէպի մեր սարերն ու հայրենիքի սրբազան անկիւնները:
Ետքը մանկական անմեղ ժպիտներով, քաղցր շարժուձեւերով եւ զուարթ ներկայութեամբ բեմ բարձրացան Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները: Անոնք սիրով արտասանեցին Հայաստանին եւ հայ ազգին նուիրուած երգեր ու ոտանաւորներ: Անոնց զուլալ ձայներն ու անկեղծ արտայայտութիւնները ջերմացուցին ներկաներուն սրտերը: Ապա հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ շարանով աւարտեցին իրենց ելոյթը՝ արժանանալով ներկաներու ծափողջոյներուն:
Յայտագրի դպրոցական վերջին օղակն եղաւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտներու ելոյթը: Անոնք հայկական եկեղեցւոյ, Հայաստանին եւ Նայիրեան աշխարհին նուիրուած գեղեցիկ ու բովանդակալից յայտագիր մը ներկայացնելով հանդիսատեսը տարին դէպի մեր հայրենիքի պատմական անցեալը եւ մշակոյթի հարուստ ներաշխարհը:
Փառատօնի ճոխ եւ բազմերանգ յայտագիրը շարունակուեցաւ համանքային զանազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու, եկեղեցիներու եւ նշանաւոր արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Փառատօնի գեղարուեստական յայտագրին իրենց գեղեցիկ ներդրումը բերին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը՝ խմբավար Երուանդ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ՝ արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ ծափողջոյներուն: Յիշատակութեան արժանի է, որ Երուանդ Քէշիշեան մեծ յաջողութեամբ ստանձնած էր նաեւ փառատօնի երաժշտական դասաւորումներու պատասխանատուութիւնը:
Ապա բեմ ելաւ «Hye-Kenpo Karate » խումբը, որ յատուկ մարզական շարժումներով ներկայացուց հետաքրքրական ու տպաւորիչ ելոյթ մը՝ արժանանալով ներկաներու գնակատանքին:
Հայկական Բարեգործական Ընդ. Միութիւնը ներկայացնող երգչախումբը փայլուն մասնակցութիւն ունեցաւ: Անոնց մանկական եւ մեծահասակներու խումբերը գեղեցիկ կատարումներով ներկայացուցին սրտամօտիկ ընտիր երգերու փունջ մը՝ Նեկտար Միրագեանի ղեկավարութեամբ:
Համազգայինը ներկայացնող երգիչ Վահէ Մանկասարեանը իր գեղեցիկ կատարումով «Զով Գիշեր», «Թամամ Աշխարհ», «Երեւանի Սիրուն Աղջիկ» երգերով դիւթեց ներկաները:
Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը ներկայացնող Ալին Եատիկարեան հանդէս եկաւ «Տաղ Հաերէն Լեզուին» քերթուածի հիանալի ասմունքով: Նոր Սերունդը ներկայացնող Սեւան Քէլէշեանը արտասանեց «Հայոց Լեցուն», իսկ Արնօ Ճէպէճեանը երգեց Շ. Ազնաւուրի «She» եւ «Երեւանի Աղջիկներ» երգերը:
Օրուայ միջոցառումին իրենց արժէքաւոր մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայ արուեստագէտներ, երաժիշտներ, պարուսոյցներ եւ երգահաններ, որոնք իրենց գեղարուեստական կատարումներով աւելի եւս հարստացուցին փառատօնը:
Հերթականութեան շարքով բեմ բարձրացան,
– «Արի Բարի» մարզարանի պարուսոյց Տիգրան Գրիգորեան. հանրային ազատ պար
– Ջութակահար Շանթ Դանիէլեան եւ քանոնահար Ալիսիա Քէօշկերեան. սիրուած մեղեդիներ
– Ռաֆֆի Վարդանեան եւ «Սէր» անսամպլը. հեղինակային երաժշտութիւն
– Սաքսոֆոնի նուագող Մայք Ստեփանեան եւ Շանթ Դանիէլեան. հայկական եւ միջազգային սիրուած նուագներ
– Ուտահար Անդրանիկ Քիզիրեան. հայկական գաւառներու սրտամօտ մեղեդիներ եւ ժողովրդական պարեր
– Երգիչներ Ժոզէֆ Գրիգորեան, Սալբի Քէլէշեան, Սագօ Կարապետեան, Դաւիթ Սամուէլեան եւ Գագիկ Պատալեան. սիրուած երգեր եւ պարեր
Փառատօնին ներկայ էին նաեւ հայկական գիրքի, զարդարուեստներու, ձեռագործերու եւ յուշանուէրներու վաճառման աւելի քան 70 տաղաւարներ: Իրենց յատուկ տաղաւարներով ներկայ էին նաեւ Հայաստանի բասկետբոլի ազգային խումբը, Փասատինա քաղաքի վարչական զանազան մարմինները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններ:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք իրենց նիւթական, բարոյական եւ կազմակերպչական ներդրումը ունեցան այս փառատօնի յաջողութեան:
Յատուկ երախտագիտութիւն հովանավորներուն, յայտագրին մասնակցող բոլոր անհատներուն ու խումբերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ արուեստով պանծացուցին տօնախմբութիւնը:
Վերջապէս՝ արժանի է գնահատանքի «Միութիւնը Զօրութիւն է» կարգախօսով առաջնորդուած կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ իր նուիրեալ աշխատանքով











