Հրապարակուեցան Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, սակայն կը շարունակուին յետընտրական գործընթացները` ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ: Ընդդիմութիւնը քուէարկութիւնը կը նկատէ կեղծուած, հակառակ միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն կողմէ տրուած գնահատականներուն, որոնք ընդհանուր առմամբ դրական են:
Ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած ընդդիմադիր ուժերուն կը ձայնակցի միայն Ռուսաստանը, որուն նախագահը մինչեւ այս պահը չէ շնորհաւորած Հայաստանի վարչապետին: Զարմանալի է Մոսկուայի որդեգրած ժխտական վերաբերմունքը Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքի արտայայտութեան նկատմամբ, յատկապէս երբ պաշտօնական յայտարարութիւններ կը հնչեն ըսելու համար, որ «խախտուած են ազատ ընտրութիւններու ժողովրդավարական ընթացակարգերը»: Այստեղ կ’արժէ յիշեցնել, որ վերջին տասնամեակներուն Ռուսաստանի մէջ կայացած որեւէ ընտրութիւն մրցակցային բնոյթ չէ ունեցած, չէ արտօնուած ոեւէ ընդդիմադիր գործիչի մասնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն, գոյութիւն ունենալէ դադրած է անկախ մամուլը, խիստ սահմանափակուած է համացանցի հասանելիութիւնը ռուսաստանցի հասարակութեան, արգիլուած են «ֆէյսպուքը» եւ ընկերային այլ հարթակները: Հետեւաբար, Հայաստանի ընտրութիւնները «ոչ ժողովրդավարական» որակելը խիստ հեգնական կը հնչէ ռուսական չափանիշերուն հետ համեմատած:
Պարզ է, որ ներկայիս Մոսկուան դժուարութիւն ունի հաշտուելու իրողութեան հետ: Ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ Ռուսաստանեան յայտնի ու անյայտ շրջանակները լծուած էին Հայաստանի իշխանութիւններու դէմ ապատեղկութիւններ տարածելու աշխատանքին: Այս արշաւին յաջորդեց իրենց հնազանդ ուժերուն բացայայտ կերպով հովանաւորելը, ու այդ գծով տասնեակ միլիոն տոլարներու ներդրումը` Երեւանի մէջ գործող իշխանութիւնը տապալելու նպատակով: Այս բոլորի կողքին ականատես եղանք Քրեմլինի տեսակէտները փոխանցող բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ ամէնօրեայ յաճախականութեամբ հնչող սպառնալիքներու:
Երբ այս բոլորը ձախողեցան տկարացնելու Փաշինեանի դիրքերը, Մոսկուան անցաւ տնտեսական ճնշումներու քաղաքականութեան` ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ արգիլելով հայկական բազմատեսակ արտադրանքներու մուտքը Ռուսաստան, յոյս ունենալով, որ այդ քայլերով կրնայ ազդել ընտրողներու տրամադրութեան վրայ:
Միւս կողմէ, հաւաքական Եւրոպան չուշացաւ հասնելու Հայաստանի օգնութեան: Պայմաններ ստեղծուեցան, որպէսզի գիւղատնտեսական արտադրանքները անմիջապէս հասնին եւրոպական երկիրներ` նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով այդ նպատակի իրագործման համար: Այժմ, Եւրամիութիւնը Հայաստանի համար կը պատրաստէ աջակցութեան ծրագիր` ի պատասխան Ռուսաստանի կողմէ առեւտրային սահմանափակումներուն: Այս բոլորը կը կատարուին նկատի առնելով միմիայն այն, որ Հայաստան ընտրած է ժողովրդավարութեան ուղղութիւնը ու կը փորձէ բարեկամական յարաբերութիւններ վարել բոլորի հետ:
Մինչեւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի հասարակութիւնը կը նկատուէր ամենէն ռուսամէտը` նախկին Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Անկէ ասդին տրամադրութիւնները կամաց-կամաց սկսան փոխուիլ: Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան ընթացքին Ռուսաստան իր անգործութեամբ եւ կամ լուռ մեղսակցութեամբ եկաւ կորսնցնելու հայութեան մօտ իր ունեցած ամբողջ վարկը:
Այդ թուականէն ասդին Հայաստանի նկատմամբ Մոսկուայի առած բոլոր քայլերը սխալ հաշուարկներու շղթայ մըն է, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Ժամանակը եկած է որպէսզի Ռուսաստան վերատեսութեան ենթարկէ ներկայիս վարած իր քաղաքականութիւնը ու փորձէ վերականգնել իր յարաբերութիւնները` առաջին հերթին արժանանալով Հայաստանի հանրութեան վստահութեան քանի որ սպառնալիքներու ու ճնշումներու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը արդէն իսկ փաստած իր ձախողութիւնը:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

