Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերքած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներու կողմէ շրջանառուող պնդումները, թէ «Հայաստանի մէջ յառաջիկային կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով գործող իշխանութեան վերընտրուելու պարագային 300 հազար ատրպէյճանցիներ պիտի գան Հայաստան ապրելու»։
Նիկոլ Փաշինեան, որը նախընտրական քարոզարշաւին մասնակցելու համար կը գտնուի արձակուրդի մէջ, այդ մասին ըսած է Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքին մէջ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին։
«Պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը (խմբ. նկատի ունի «Ուժեղ Հայաստան», «Հայաստան» դաշինքներին եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեանը) հիմա էլ նոր սուտ է յօրինել, թէ ընտրութիւններում «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի եւ Փաշինեանի վարչապետ վերընտրուելու դէպքում 300.000 ատրպէյճանցիներ վերադառնալու են Հայաստան։ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնների մեր օրակարգում եւ ընդհանրապէս մեր միջազգային օրակարգում նման հարց երբեք չի եղել։ Այդ մարդիկ այսօր միլիոնաւոր տոլարներ են ծախսում, որ այդ օրակարգը ստեղծեն եւ ներմուծեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանք։ Այսպէս գործում են միայն օտարերկրեայ լրտեսները»,- ըսած է Փաշինեան։
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան, ինչպէս նաեւ դաշինքի այլ ներկայացուցիչներ պարբերաբար պնդումներ կ’ընեն, թէ «Հայաստանի գործող իշխանութեան վերընտրուելու պարագային 300 հազար ատրպէյճանցիներ պիտի գան Հայաստան ապրելու»։ Չնայած իշխող ուժի տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ այդ պնդումները հերքելու հանգամանքին՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը այդ թեզը դարձուցած է իր նախընտրական քարոզչութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը։

