Home Uncategorized ԵՄ-ն 50 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին՝ Ի Պատասխան Ռուսական Սահմանափակումներուն

ԵՄ-ն 50 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին՝ Ի Պատասխան Ռուսական Սահմանափակումներուն

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին աւելի քան 50 միլիոն եւրոյի անյապաղ ֆինանսական աջակցություն պիտի տրամադրէ՝ ի պատասխան Ռուսաստանի տնտեսական սահմանափակումներուն, ապահովելով հայկական ապրանքներուն մուտքը եւրոպական շուկայ եւ խթանելով տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու վերաբացումը։ Այս մասին ըսուած է Եւրոպական Յանձնաժողովի պաշտօնական կայքէջին մէջ։

Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տեր Լայեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին անընդունելի որակած է հայկական արտադրանքի նկատմամբ Մոսկուայի սահմանափակումները:

«Սա տնտեսական հարկադրանք է եւ անընդունելի է։ Եւրոպան ամուր կանգնած է Հայաստանի կողքին»,- X-ով գրած է Ուրսուլայ ֆօն տեր Լայեն։

Եւրոպական Յանձնաժողովէն յայտնած են, որ ի հակակշիռ ռուսական արգելքներուն՝ ԵՄ-ն կը գործարկէ աջակցութեան նոր փաթեթ, որ պիտի մեղմէ գիւղամթերքի արտահանման ճգնաժամը: Առաջին գործնական քայլով վաղը Լաթվիա պիտի հասնի 10.000 հայկական ծաղիկներէ բաղկացած խմբաքանակը, որուն պիտի յաջորդեն նոր մատակարարումներ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպան Հայաստանը կը համարէ առանցքային ուղղութիւն եւրոպական առեւտուրին համար: 2024-էն իվեր «Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիր» շրջանակներուն մէջ ԵՄ ֆինանսաւորումը արդէն աջակցած է 7.000 ձեռնարկութեան՝ նպաստելով աւելի քան 20.000 աշխատատեղի ստեղծման: Երկարաժամկէտ կտրուածքով գերակայ կը մնայ գագաթաժողովին ձեռք բերուած «Կապակցուածութեան գործընկերութեան» իրագործումը:

Տնտեսական կայունութենէն զատ, առանցքային նշանակութիւն կը տրուի աշխարհագրական ապաշրջափակման: Թուրքիոյ եւ Վրաստանի տարածքով առեւտրային եւ երկաթուղային ուղիներու վերաբացումը ԵՄ-ն կը գնահատէ որպէս լուրջ յառաջընթաց, համարելո, որ այն թոյլ պիտի տայ Հայաստանին վերածուելու Եւրոպան, Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան կապող ռազմավարական հանգոյցի:

Ենթակառուցուածքներու եւ սահմանային անցակէտերու արդիականացման հարցերը պիտի քննարկուին Յունիս 23-ին կայանալիք Կապակցուածութեան հարթակի նախարարական հանդիպման: Իսկ բոլոր ֆինանսական հոսքերու, ծրագրերու եւ
նախաձեռնութիւններու անխափան իրականացումը վերահսկելու նպատակով կը ստեղծուի ԵՄ-Հայաստան համատեղ յատուկ աշխատանքային խումբ:

Հայաստանի կառավարութիւնը շուրջ 2 միլիառ դրամ փոխհատուցում պիտի տրամադրէ ջերմատնային արտադրութեան թարմ պտուղ-բանջարեղէն եւ ծաղիկներ արտահանող տնտեսավարողներուն՝ Ռուսաստանի  կողմէ կիրառուող սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ արտահանման շուկաները բազմազանելու նպատակով։
Համապատասխան նախագիծը հաւանութեան արժանացած է կառավարութեան Յունիս 4-ի նիստին։

Օժանդակութիւն պիտի ստանայ դէպի Եւրոմիութեան, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Գանատայի շուկաներ նշուած ապրանքներու արտահանումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment