Ռուսաստանի կողմէ հայկական գիւղամթերքի ներմուծման նկատմամբ կիրառուող սահմանափակումները ամենածայրայեղ բեմագրի պարագային կրնան նուազեցնել Հայաստանի տնտեսական աճը մինչեւ 2 տոկոսային կէտով, սակայն առայժմ անոնց ազդեցութիւնը սահմանափակ է. այս մասին ըսած է Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի անդամ Արմէն Քթոյեանը «Սիվիլնեթ»-ի հետ հարցազրոյցին։
Ռուսաստանը Մայիսի սկիզբէն սահմանափակումներ մտցուց հայկական շարք մը ապրանքներու ներկրումներու նկատմամբ։ Ցանկը էապէս ընդլայնուեցաւ Յունիս 12-էն` ընգրկելով հայկական գիւղամթերքը, ձկնամթերքը, ծաղիկները եւ այլն։
Քթոյեան ըսած է, որ Երեւանի ու Մոսկուայի միջեւ քաղաքական լարուած յարաբերութիւնները այն քանի մը արտաքին վտանգներէն են, որոնք Կեդրոնական դրամատուն հաշուի կ’առնէ դրամավարկային քաղաքականութիւնը մշակելու ատեն։
«Եթէ ենթադրենք, որ սահմանափակումների տակ ընկած ապրանքախմբերից որեւէ ծաւալ ընդհանրապէս չի արտահանւում Ռուսաստան, դրա առաւելագոյն ազդեցութիւնը մեր փորձագէտների գնահատականով կազմում է մօտ 1,8-2 տոկոսի սահմաններում՝ ՀՆԱ-ի նկատմամբ»,- ըսած է Քթոյեան: Այս գնահատականը հրապարայնօրեն հնչեցուցած էր նաեւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեանը անցեալ ամիս։
Քթոյեանի խօսքով՝ այս ցուցանիշը կը ներկայացնէ ծայրայեղ բեմագիրր, երբ հայաստանեան արտադրողները այլընտրանքային շուկաներ չեն գտներ նախապէս Ռուսաստան արտահանուող ապրանքներուն համար։ Ան յաւելած է, որ կառավարութիւնը արդէն յայտարարած է աջակցութեան միջոցառումներու մասին՝ արտահանողներուն օգնելու վերամշակել եւ վերաուղղորդելու ռուսական սահմանափակումներուն ենթարկուած ապրանքները, թէեւ այդ միջոցառումներուն ազդեցութիւնը դեռ գնահատուած չէ։
Քթոյեան զգուշացուցած է, որ իրավիճակը աւելի ծանր պիտի դառնայ, եթէ սահմանափակումները տարածուին ոչ միայն Հայաստանէն Ռուսաստան արտահանման, այլեւ Ռուսաստանէն Հայաստան ներմուծումներուն վրայ, մասնաւորապէս՝ ուժանիւթի եւ ֆինանսական փոխանցումներու ոլորտներուն մէջ։ Ըստ անոր՝ Ռուսաստանը արդէն պաշտօնական նամակ ուղարկած է՝ զգուշացնելով, որ կրնայ վերանայել կազի մատակարարման պայմանագրի պայմանները։
Հայաստանը Ռուսաստանէն կազը կը ներկրէ 165 տոլար/1000 խմ գինով։ Գինը, կախուած կազի ջերմատուութենէն, կրնայ փոխուիլ։ Պաշտօնական վերջին տուեալներով այն կազմած է 177,5 տոլար։ Սա էապէս ցած է եւրոպական շուկային մէջ վաճառուող կազի գինէն, ուր այն կը կազմէ 400-600 տոլար։
Ապրիլի սկիզբը Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ակնարկած էր Հայաստանի համար կազի գինի բարձրացման մասին՝ յիշեցնելով եւրոպական շուկայի գիները։
Քթոյեանի խօսքով՝ թէեւ Կեդրոնական դրամատունը դեռ յստակ բեմագիր չէ ձեւաւորած, բայց եթէ տեղի ունենայ կազի գինի կրկնապատկում կամ եռապատկում, այն էապէս պիտի ազդէ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ։
Ան նշած է, որ Հայաստանը արդէն նուազեցուցած է կախուածութիւնը ռուսական պենզինի եւ տիզելի ներմուծումէն վերջին տարուայ ընթացքին, ինչ որ պիտի օգնէ մեղմել կազի շուկային մէջ հնարաւոր նմանատիպ փոփոխութեան ազդեցութիւնը։

