Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պատրաստակամ է հետեւողականօրէն զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ, երբ Երեւանի մէջ պիտի ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն։ Եքաթերինպուրկի մէջ այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին։
Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը Ռուսաստան մեկնած է՝ մասնակցելու «Իննոփրոմ-2026» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող «Ինտուսթրիա 360. Արտադրութիւն առանց սահմաններու» թեմայով լիագումար նիստին։
Սա Փաշինեանի առաջին արտասահմանեան աշխատանքային այցն է ընտրութիւններէն յետոյ։
«Կ’ակնկալենք, որ նոր կառավարութիւնը, որ պիտի ձեւաւորուի քուէարկութեան արդիւնքներով, պիտի ապահովէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու առաջանցիկ զարգացումը բարեկամութեան, բարիդրացիութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու շահերու հաշուառման ոգիով»,- նշած է Միշուսթին։
Միշուսթին ընդգծած է ՌԴ-ի առաջատար դիրքերը հայաստանեան շուկային մէջ եւ մատնանշած երկկողմ գործակցութեան ծաւալները ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարբեր ոլորտներու մէջ, որոնք կը գտնուին երկկողմ միջկառավարական յանձնաժողովի մշտական վերահսկողութեան ներքոյ։
«Չնայած համաշխարհային տնտեսութեան փոթորկալից վիճակին, Ռուսաստանը
առաջին տեղը կը զբաղեցնէ Հայաստանի արտաքին առեւտրային գործընկերներու եւ
ներդրողներու շարքին։ Հայրենական ընկերութիւնները աշխուժօրէն կ’աշխատին
լեռնահանքային արդիւնաբերութեան, մեքենաշինութեան, փոխադրութեան
ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի՝ ներառեալ նաեւ խաղաղ աթոմի, եւ թուային
տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ»,- յաւելած է Ռուսաստանի վարչապետը։
Միշուսթին նշած է, որ Մոսկուան կ’ակնկալէ երկրին մէջ ռուսական դրամագլուխի համար իրաւական պաշտպանուածութեան բարձր մակարդակ, ինչպէս նաեւ հանդէս կու գայ մշակութային ու կրթական կապերու խորացման, համատեղ արտադրութիւններու հիմնման եւ փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան միջեւ համագործակցութեան աշխուժացման օգտին, ինչին հնարաւորութիւնները տուած է արդիւնաբերական ցուցահանդէսը։
«Կարեւոր է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակէ յարմարաւէտ դրութիւն ստեղծել ռուս ներդրողներու գործունէութեան համար եւ ապահովէ անոնց իրաւունքներու, օրէնքի ու շահերու պահպանում։ Կ’առաջարկենք շարունակել
մշակոյթի օրերու, ցուցահանդէսներու, փառատօներու կայացման աւանդոյթը, խորացնել կրթական ու երիտասարդական միջոցառումները»,- ըսած է Միշուսթին։
Ի պատասխան՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ ընտրութիւններէն յետոյ ստեղծուած է անհրաժեշտ հնարաւորութիւն՝ երկկողմ յարաբերութիւններու ամբողջական օրակարգը կայացնելու եւ առկայ տարաձայնութիւնները հարթելու համար։
«Կարծում եմ, որ այս հանդիպումը շատ լաւ առիթ է, որպէսզի քննարկենք մեր յարաբերութիւնների օրակարգի ողջ պատկերը։ Եւ ընտրութիւններից յետոյ լաւ առիթ է, ինչպէս ասում են, ժամացոյցները ճշդելու։ Վերջին շրջանում ի յայտ են եկել որոշակի խնդրայարոյց հարցեր, ի հարկէ, ես յոյս ունեմ, որ մենք կը քննարկենք եւ կը լուծենք այդ հարցերը»,- յայտնած է Հայաստանի վարչապետը։
Փաշինեան վերահաստատած է Հայաստանի երկարաժամկէտ յանձնառութիւնը Ռուսաստանի հետ կապերու զարգացման գործին մէջ եւ շեշտած է տարածաշրջանային տնտեսական համարկման մեխանիզմներու անխափան ու կանոնաւոր կիրառման
կարեւորութիւնը։
«Ինչպէս ընտրութիւններից առաջ, այնպէս էլ ընտրութիւններից յետոյ մենք տրամադրուած ենք Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ մեր յարաբերութիւնների հետագայ զարգացմանը։ Եւ, ի հարկէ, մենք շահագրգռուած ենք Եւրասիական Տնտեսական
Միութեանը մեր մասնակցութեամբ եւ շահագրգռուած ենք, որ այն մեխանիզմները, որոնք նախատեսուած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մասին պայմանագրով, աշխատեն ծրագրուած դրութեամբ»,- ըսած է Փաշինեան։

