Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուեցաւ խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսելու շուրջ յուշագիր` վերջ տալով մօտ չորս ամիս շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն:
Փետրուար 28-ին, Ամերիկան ու Իսրայէլը սկսան ռմբակոծել Իրանի միջուկային կեդրոնները ու ռազմական խարիսխները, ընթացքին սպաննելով երկրի գերագոյն առաջնորդ` Ալի Խամենէին ու շարք մը բարձրաստիճան զինուորական ու քաղաքական ղեկավարներ: Նախագահ Տանոլտ Թրամփ, ըստ իր սովորութեան« անմիջապէս յաղթանակ յայտարարեց հակառակ, որ չէին իրականացած պատերազմի գլխաւոր նպատակներէն եւ ոչ մէկը: Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտէին վերջնականապէս ոչնչացնել Իրանի ուրանի հարստացման գործարանները, դադրեցնել հեռահար` պալիսթիք հրթիռներու արտադրութիւնը եւ նաեւ տապալելու կրօնական ռեժիմը: Սակայն, օրերն ու շաբաթները եկան փաստելու, որ Իրանը կարծուածէն աւելի ուժեղ հակառակորդ մըն էր, որ կարողացաւ ոչ միայն դիմանալ առաջին հարուածներուն, այլ եւ սկսաւ հակահարուածներ հասցնել Ծոցի երկիրներուն մէջ գտնուող Ամերիկեան ռազմական խարիսխներուն եւ Իսրայէլի քաղաքներուն` պատճառելով բաւական մեծ վնասներ:
Իրան իր մեծագոյն յաջողութիւնը արձանագրեց փակելով Հերմուզի նեղուցը, ուրկէ կ’անցնէին ամբողջ աշխարհի քարիւղի կարիքներու 20 տոկոսը: Այս քայլը անկիւնադարձային եղաւ պատերազմի արդիւնքը կանխորոշելու առումով: Ամերիկացի ժողովուրդը, որ առաջին օրէն դէմ էր պատերազմին, սկսաւ իր անհանգստութիւնը արտայայտել քուէատուփով, երբ պարտադրուեցաւ աւելի բարձր գին վճարել իր ինքնաշարժը կազ լիցքաւորելու համար: Ասոր իբրեւ հետեւանք նախագահ Թրամփն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը սկսան կորսնցնել իրենց վարկանիշը` մօտ օրէն կայանալիք կիսաշրջանի գոնկրէսական ընտրութիւններուն ընդառաջ: Այս բոլորը Թրամփը մատնեցին խուճապի ու ան սկսաւ պատերազմը ամէն գնով աւարտելու միջոցներ փնտռել: Իրանցիք, որոնք նշանաւոր են որպէս կարող եւ դժուար բանակցողներ, ձեռք ձգեցին այնպիսի զիջումներ, որոնց մասին պատերազմէն առաջ չէին կրնար երեւակայել նոյնիսկ:
Ստորագրուած յուշագրով Իրան կ’ապահովէ իր նաւահանգիստներու ապաշրջափակումը, քարիւղի արտահանման բոլոր արգելքներու վերացումը, սառեցուած միլիառաւոր տոլարներու վերադարձը, վերակառուցման համար 300 միլիառ տոլարի հիմնադրամ մը հաստատումը եւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը: Այս բոլորին դիմաց Իրան կը պարտաւորուի ազատ անցք ապահովելու Հերմուզի նեղուցով եւ 60 օրուայ ընթացքին բանակցիլ միջուկային պաշարներու ճակատագրին շուրջ:
Ամերիկեան քաղաքական եւ օրէնսդիր շրջանակները գոյացած այս համաձայնութիւնը կը նկատեն պարտութիւն` Միացեալ Նահանգներուն համար, որ կու գայ մեծ հարուած հասցնելու Ամերիկայի միջազգային վարկին ու հեղինակութեան: Շատերու կարծիքով նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրով` 2015-ին Իրանի հետ ստորագրուած համաձայնութիւնը, որ միակողմանի ջնջուեցաւ Թրամփի կողմէ` պաշտօնավարման առաջին շրջանին, աւելի նպաստաւոր էր` քան այս մէկը:
ԱՄՆ-Իրան այս համաձայնութիւնը եկաւ նաեւ ցատկելու Լիբանանի պետութեան վրայէն, որ կը փորձեր Իսրայէլի հետ իր հարցերը լուծել առանց արտաքին միջամտութիւններու: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարէին` իսրայէլեան զօրքերը Լիբանանի գրաւեալ շրջաններէն դուրս բերելու եւ այդ առթիւ «Հըզպալլահի» ռազմական կառոյցը զինաթափելու հարցին շուրջ: Ստորագրուած յուշագրին մէջ Լիբանանի հարցի ընդգրկումով անտեսուեցաւ այդ երկրի նախագահ` Ճոզէֆ Աունը, որ կը յայտարարէր թէ, ոչ մէկ այլ երկիր իրաւունք ունի բանակցելու Լիբանանի անունով: Այս համաձայնութեամբ զօրացաւ պետութեան մէջ պետութիւն դարձած ու Իրանի ցուցմունքներով շարժող «Հըզպալլահի» դիրքերը:
Տանոլտ Թրամփ ոչ միայն վնասեց Ամերիկայի շահերուն` այլ եւ անտեսուեցան Լիբանանի պետութեան շահերը:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

